Երկուշաբթի, 2 Մարտին, Թիֆլիսի Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ, կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային Վրաստանի յանձնախումբի հերթական նիստը՝ ընդլայնուած կազմով:
Նիստին ներկայ էր Վրաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եուրի Վարդանեան:
Ընդլայնուած նիստի բացումը կատարեց յանձնախումբի նախագահ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան: Սրբազանը յանձնախումբի անունով դեսպան Եուրի Վարդանեանին եւ դեսպանատան ամբողջ անձնակազմին շնորհաւորեց դիւանագէտի օրուան առթիւ:
Յանձնախումբը քննարկեց հայրենիքի եւ Վրաստանի մէջ կայանալիք ապրիլեան ձեռնարկները, յառաջիկային կատարելիք աշխատանքները՝ Ապրիլի 23ին եւ 24ին ծրագրուած ձեռնարկները Թիֆլիսի մէջ, եւ հայաբնակ շրջաններու մէջ անհրաժեշտ պարագաներով ապահովելու հարցը:
Յանձնախումբի նախագահը յստակ ժամանակացոյցով ներկայացուց Վրաստանի քոյր եկեղեցիներու մէջ տիեզերական աղօթքի եւ յիշատակի երեկոներու իրականացումը, հայաբնակ շրջաններու մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի խաչքարերու օծումը:
Կազմակերպուող ձեռնարկներու շարքին դասուեցան նաեւ Պետրոս Ադամեանի անուան թատրոնի բեմադրութեամբ յիշատակի երեկոն, զանազան վայրերու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմերի ցուցադրութիւնը, Մեծ Եղեռնի զոհ մտաւորականներու յիշատակին մոմավառութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած «Վրաստան» թերթի յատուկ թիւի հայերէն եւ վրացերէն հրատարակումը: Առաջարկուեցաւ Թիֆլիսի մէջ հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու մասնակցութեամբ Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ կազմակերպել 100 տնկիներու ծառատունկ:
Խօսուեցաւ նաեւ այն մասին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի համահայկական միջոցառումներու առանցքային գաղափարաբանութիւնը պիտի հանդիսանան.
ա. Յիշողութիւն, հատուցում, դատապարտում.
բ. Երախտագիտութիւն այն պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք ընդունեցին
փրկուած հայութեանը, եւ այն միջազգային կազմակերպութիւններուն ու երկրներուն, որոնք
դատապարտեցին թրքական ոճրագործութիւնը.
գ. Պարտաւորութիւն՝ սուրբ նահատակներուն հանդէպ.
դ . Վերածնունդ մայր հայրենիքի եւ Արցախի եւ համահայկական ձեռքբերումներու:
Յառաջիկային համացանցի վրայ պիտի տեղադրուի Թիֆլիսի եւ շրջաններուն մէջ իրականացուելիք ձեռնարկներու ժամանակացոյցը:
Նիստի աշխատանքը ամփոփեց Վրաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եուրի Վարդանեան, որ կարեւորեց յիշատակի ձեռնարկներու լայն եւ ընդգրկուն իրականացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.