
ԵՐԵՒԱՆ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին մէջ 6 Մարտին կայացած է ոստիկանութեան կարգապահական յանձնաժողովի նիստ։ Քննարկուած են 31 Յունուար 2015ին «100ամեակը առանց ռեժիմի» շարժման կողմէ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ինքնաշարժերու երթին ընթացքին հասարակական կարգի պահպանութեան մէջ ներգրաւուած ոստիկաններուն կողմէ կատարուած կարգապահական կոպիտ խախտումները: Ճշդուած է, որ շուրջ 25 ոստիկաններ կարգապահական խախտումներ կատարած են, իսկ անոնցմէ 10ն հաւանական է, որ աշխատանքէ արձակուին։
Այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութիւնը: Անոր մէջ նշուած է.
«Յանձնաժողովի աշխատանքներին ներգրաւուած էին ոստիկանութեան երեք եւ մէկական ներկայացուցիչներ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կառավարութեան եւ Արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակազմերից: Յանձնաժողովը ղեկավարում էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Անդրանիկ Յակոբեանը:
Մանրակրկիտ վերլուծութեան ենթարկելով ծառայողական քննութեան ընթացքում ձեռք բերուած բոլոր ապացոյցները՝ յանձնաժողովը որոշեց միջնորդել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետին՝ ոստիկանութեան 25 ծառայողների ըստ իրենց թոյլ տուած կարգապահական խախտումների բնոյթի եւ ծանրութեան աստիճանի ենթարկել համապատասխան տոյժերի:
Յանձնաժողովի որոշման համաձայն՝ ոստիկանութեան 10 ծառայողներ ենթակայ են ոստիկանութիւնում ծառայութիւնից ազատման, 9ը՝ խիստ նկատողութեան, իսկ 6ը՝ նկատողութեան»: