ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան այցելած է Թալինի հիւանդանոց: «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի եւ «Պըրթլինք» հասարակական կազմակերպութեան միացեալ ծրագիրի շնորհիւ հիւանդանոցի ծննդաբերական բաժանմունքը համալրուած է նորածնային խնամքի բարձրակարգ սարքաւորումներով՝ շարժական ջերմացուցիչ, բուժման արդիական սարք, ներարկման մխոցներ, տաքցնող ներքնակ, հրատապ իրավիճակներու համար նախատեսուած պայուսակ, եւ այլն: Սարքաւորումները առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին բարդ յղութեան կամ վաղաժամ ծննդաբերութեան իբրեւ հետեւանք որոշ խնդիրներով լոյս աշխարհ եկած փոքրիկներուն ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու իմաստով։
«Կան նախագծեր, որոնք կարեւոր են ոչ միայն ռազմավարական, հեռանկարային տեսանկիւնից, այլեւ անհատական գոհունակութեան զգացում են պարգեւում՝ բարի գործի մասնակից լինելու առումով: Անհնար է անտարբեր մնալ կեանքի համար պայքարող այս փոքրիկներինտեսնելիս: Այդ պատճառով մեր ընկերութիւնը ցանկացաւ ջերմութեան եւ վստահութեան մի մասնիկ փոխանցել նրանց՝ տրամադրելով կենսական նշանակութեան սարքաւումներ», յայտնած է «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի եւ «Պըրթլինք» կազմակերպութեան միջեւ այս գործակցութիւնը 7րդ տարին ըլլալով կը շարունակուի: 2015 թուականին գերժամանակակից սարքաւորումներով պիտի ապահովուի 14 ծննդատուն՝ ներառելով Արարատի, Արագածոտնի, Կոտայքի, Արմաւիրի, Լոռիի մարզերն ու մայրաքաղաքը:
Ծրագիրի իրականացման համար «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը մինչ օրս յատկացուցած է շուրջ 535 միլիոն դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.