ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Նախորդ տարի Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ մշակութային եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններ կատարուած են 24 ծրագրային ուղղութիւններով՝ 12ը մշակութային, 12ը երիտասարդական, որոնց ծիրին մէջ կատարուած են 328 ձեռնարկներ, որոնց 216ը՝ մշակութային, 112ը՝ երիտասարդական:
Այս մասին յայտնած է գերատեսչութեան ղեկավար Նարինէ Աղաբալեանը, նախարարութեան 2014 թուականի գործունէութեան ամփոփման առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Նախարար Ն. Աղաբալեանի համաձայն՝ հաշուետու ժամանակաշրջանին մշակութային ոլորտի գերակայ ուղղութիւններ ճշդուած են մշակութային ինքնութեան պահպանումն ու վերարտադրութիւնը, մշակութային կրթութեան համակարգի կատարելագործումը, թանգարանային գործի կատարելագործումը, ստեղծագործական ներուժի դրսեւորման ու տարածման պայմաններու ապահովումը, մշակութային երկխօսութեան եւ համագործակցութեան խորացումն ու մշակութային քարոզչութեան աշխուժացումը:
«Մասնաւորապէս մշակութային ինքնութեան եւ ճանաչողութեան, հանրայնացման, ինչպէս նաեւ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջոցառումների շրջանակներում, իրականացուել են ժողովրդական արհեստների ուսուցման ծրագրերի ներդրման, փառատօների եւ տօնական միջոցառումների կազմակերպման ծրագրեր: Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերի նախարարութիւնն աջակցութիւն է ցուցաբերել Ճարտարի արուեստի դպրոցում եւ Շուշիի Ա. Խաչատրեանի անուան պետական հումանիտար քոլեջում գորգագործութեան ուսուցողական ծրագրերի իրականացման համար: Շուշիում շարունակուել է բրուտագործութեան զարգացման ծրագիրը: Հանրապետութիւնում առաջին անգամ կազմակերպուել են «Արցախեան գորգարուեստ», «Տոհմածառ» մրցոյթները, ինչպէս նաեւ թոնրահացի տօնը՝ Խանցկ գիւղում եւ «Արցախեան թթուի փառատօնը»՝ Դրախտիկում: Իրականացուել է նաեւ ազգագրական պարերի ուսուցման ծրագիրը», յայտնած է ան։
Ըստ Ն. Աղաբալեանի՝ հաշուետու ժամանակաշրջանին բարբառի եւ ընդհանրապէս ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ հանրահռչակման առումով նոր թափ ստացած է գիտահետազօտական գործունէութիւնը՝ գերատեսչութեանը կից ստեղծուած «Ղուկասեան եղբայրների անուան Արցախի բարբառի եւ ազգագրութեան ուսումնասիրման կենտրոն»ի գործունէութեան մեկնարկով: Աշխոյժ ընթացք տրուած է նաեւ բանահաւաքման եւ բարբառային նիւթերու հաւաքագրման աշխատանքներուն: Այդ նպատակով համագործակցութիւն սկսած է Արցախի ու Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւներուն եւ տարբեր գիտական կեդրոններու ու հաստատութիւններու հետ: Աշխատանքներ տարուած են համահաւաք մատենագիտութեան ստեղծման ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.