Կը քննարկուի այն հարցը, թէ ո՞վ պիտի ներկայացնէ Գերմանիան՝ Երեւանի մէջ Ապրիլ 24ին կայանալիք Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներուն ժամանակ: Համաձայն գերմանական գործակալութեան՝ կ՛ակնկալուի, որ Գերմանիա այս գծով զսպուածութիւն ցուցաբերէ՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու բացակայութեամբ: Շատ հաւանական կը նկատուի, որ միայն Գերմանիոյ դեսպանը ներկայ գտնուի միջոցառումներուն, այդ ալ՝ եթէ Ֆրանսա ներկայանայ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի մակարդակով:
Յօդուածին հեղինակները քննարկած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման հարցով Գերմանիոյ մեղքը: Անոնք նշած են, թէ պատմաբաններու կարծիքով՝ հայերու արտաքսման գործընթացին գերմանական կայսրութեան մասնակցութիւնը ապացուցուած փաստ է:
Պատմաբան Քրիսթին Փշիխոլց կասկած չունի, որ գերմանական կառավարութիւնը տեղեակ էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն նկատմամբ իրականացուող մահուան երթերուն եւ սպանութեանց մասին: Պատմաբանը վստահ է, որ գերմանացի դիւանագէտները տեղեակ էին, թէ ի՛նչ կը կատարուէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Փաստ է նաեւ Գերմանիոյ դեսպանին՝ 1915 Յուլիս 7ի հեռագիրը՝ ուղղուած կայսերական Գերմանիոյ վարչապետին. անոր մէջ կը նշուի, որ թրքական կայսրութեան մէջ հայ ցեղի ոչնչացման վերաբերեալ թրքական կառավարութեան որոշում մը գոյութիւն ունի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Գերմանիոյ Վիլհելմ Բ. կայսրը միշր երազած էր հիւսիսէն հարաւ Կերման եւ Օսմանեան տիրապետութեան տակ առնել, այսինքն ՝ արաբական թերակղզին, Միջերկրաքան Ծովը, Ոաղտատ Մոսուլ ւե արաբական Ծոց, որպէսզի իր զարմիկին՝ Անգլիոյ թագաւորին դէմ դնէ եւ ռիեսըի« ճամբան փակէ: Մէկ խոչընդոտ կար՝ հայկական հողերը: Այդ պատճառով երբ Ամերիկա եւ Հռոմի Պապը Վիլհելմէն խնդրեցին որ դադրեցնել տայ հայոց կոտորածները, խուլ ձեւացաւ, չլսեց, եւ թոյլ տուաւ որ Թալաաթ իր յարմար դատած ձեւով վճռէ հայոց հարցը: Իր վարչապետին Վիլհելմ յայտարարած էր որ իր քաղաքականութիւնը կը ձգտի իսլամական աշխարհը սիրաշահիլ, որ տիրէ Ափրիկէէն մինչեւ Չինաստան, ֆիւսիսէն մինչեւ Օման:
L’Allemagne était au courant des massacres et de l’exil de la Population mais pas seulement la France ,l’Angleterre et les Etats Unis également.L’Allemagne a sûrement participé .