«Ծրագիր 2015» վարչութեան անդամ Սիփան Բարսեղեան ողջունած է համալսարանի այս որոշումը, որուն նախաձեռնած էր «Ծրագիր 2015»ը՝ նպատակ ունենալով մեծաթիւ հայերու մասնակցութիւնը ապահովել Պոլսոյ մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն, Ապրիլ 22էն 27ի միջեւ։
Դիմումի ժամկէտը Մարտ 16ն է։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել https://sgs.stanford.edu/funding/travel-grant-opportunity կայքէջը։
«Ծրագիր 2015»ը նաեւ իր միջոցներով պիտի տրամադրէ 750ական տոլարի սահմանափակ քանակութեամբ օժանդակութիւններ, որոնց դիմելու ժամկէտը Մարտ 15ն է։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armenianproject2015.org կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.