Ըստ անոր՝ նախարարութեան կողմէ իրականացուող մշակութային պետական քաղաքականութիւնը նպատակաուղղուած է ոլորտի զարգացման կայունութեան ապահովման, մշակոյթի՝ որպէս զարգացման միջոցի հասարակական գիտակցութեան արմատաւորման, Արցախի մշակութային ճանաչելիութեան յաւելման: «2014 թուականին գերակայ ուղղութիւններ են սահմանուել մշակութային ինքնութեան պահպանումն ու վերարտադրութիւնը, մշակութային կրթութեան համակարգի կատարելագործումը, թանգարանային գործի կատարելագործումը, ստեղծագործական ներուժի դրսեւորման ու իրացման պայմանների ապահովումը, մշակութային երկխօսութեան եւ համագործակցութեան խորացումը, մշակութային քարոզչութեան ակտիւացումը», նշած է նախարարը:
Ն. Աղաբալեան տեղեկացուցած է, որ մշակութային ինքնութեան ճանաչողութեան հանրային դառնալը հիմնականին մէջ ժողովրդական արհեստներու ուսուցման ծրագիրներու ներդրման, փառատօներու եւ տօնական ձեռնարկներու կազմակերպման շնորհիւ է. «Մասնաւորապէս, աջակցութիւն է ցուցաբերուել Ճարտարի արուեստի դպրոցում եւ Շուշիի Ա. Խաչատրեանի անուան պետական հումանիտար քոլեջում գորգագործութեան ուսուցողական ծրագրի իրականացմանը», նշած է ան՝ աւելցնելով. «Շուշիում շարունակուել է բրուտագործութեան զարգացման ծրագիրը, առաջին անգամ կազմակերպուել են «Արցախեան գորգարուեստ», «Տոհմածառ» մրցոյթները, ինչպէս նաեւ թոնրահացի տօնը Խանցք գիւղում եւ «Արցախեան թթուի փառատօնը»՝ Դրախտիկում:
Իրականացուած է նաեւ ազգագրական պարերու ուսուցման ծրագիրը: Նախարարը տեղեկացուեց նաեւ, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ու-նենայ ժենգեալով հացի փառատօն: «Մրցոյթը կը կայանայ Ապրիլի 29ին՝ Ծաղկաշատ գիւղում, իսկ արդէն աւանդական դարձած հացի փառատօնը կ՛անցկացուի աշնանը՝ բերքահաւաքից յետոյ», յայտնած է Նարինէ Աղաբալեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.