Համաձայնագիրը կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ ժամանակաւորապէս գտնուող Ռուսիոյ քաղաքացիները եւ Ռուսիոյ մէջ ժամանակաւորապէս գտնուող Հայաստանի քաղաքացիները ազատ կացուցել համապատասխան մարմիններուն մէջ 30 օրուան ընթացքին արձանագրուելու պարտականութենէն։
Մասնաւորապէս՝ Հայաստանի քաղաքացիները, որոնք նախապէս պարտաւոր էին Ռուսիոյ մէջ գտնուելու 30 օրերուն ընթացքին արձանագրուելու, այժմ Ռուսիոյ մէջ կրնան առանց արձանագրուելու մնալ 180օրեայ ժամանակահատուածի համար 90 օր:
Ռուսիոյ արտերկրի քաղաքացիներու ծառայութեան ղեկավարի առաջին տեղակալ Եքաթերինա Եկորովա նախապէս նշած էր, որ Հայաստանի քաղաքացիները ԱՊՀի տարածքէն Ռուսիա ներգաղթողներուն 5 տոկոսը կը կազմեն։
«Մենք այստեղ ներգաղթի վերաբերող որեւէ սպառնալիք չենք տեսներ», ըսած էր ան՝ աւելցնելով, որ ներգաղթողներու արձանագրութեան նման կարգ մը արդէն ժամանակաւորապէս կը կիրարկուի Հայաստանէն ներգաղթած քաղաքացիներու պարագային, եւ որեւէ բացասական ազդեցութիւն չէ ունեցած ներգաղթի իրավիճակին վրայ:
Ռուսիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն միջեւ այս համաձայնագիրը կնքուած էր Սոչիի մէջ՝ 11 Յուլիս 2014ին։
Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու կեցութեան նոր կարգը պայմանաւորուած է 2015 թուականէն Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեամբ: Նմանատիպ համաձայնագիրներ արդէն կը գործեն Պելոռուսի ու Ղազախստանի քաղաքացիներուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.