
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի Մարտ 9ին կոչ ըրաւ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարող շրջանային ուժ մը կազմելու, մինչ լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կը քննէին Իրաքի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան քանդումը դատապարտող բանաձեւը։
Արաբական լիկայի խորհուրդը, մնայուն ներկայացուցիչներու մակարդակով գումարած իր 143րդ նստաշրջանի աւարտին, Մարտ 8ին որդեգրեց բանաձեւ մը եւ զայն փոխանցեց արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն։
Բանաձեւը կը վերաբերի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ Իրաքի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան քանդումին եւ կոչ կ՛ընէ գողցուած հնութիւնները վերադարձնելու եւ աջակցելու «Իսլամական պետութեան» դէմ Իրաքի պատերազմին:
Բանաձեւը կը շեշտէ, որ պետութիւնները պէտք է խիստ միջոցառումներ որդեգրեն՝ արգելք հանդիսանալու համար իրենց սահմաններէն զինեալներու Իրաք ներթափանցումին, եւ ամբողջական կերպով գործադրեն ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2178 բանաձեւը:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտեց հիւսիսային Իրաք գտնուող ասորական Նեմրութ քաղաքի մնացորդին քանդումը եւ զայն նկատեց «պատերազմական ոճիր» մը: Ան շրջանի քաղաքական ու հոգեւոր ղեկավարներուն կոչ ուղղեց դատապարտելու այդ անընդունելի յարձակումները: «Մեր հասարակաց մշակութային ժառանգութեան քանդումը պատերազմական ոճիր մըն է եւ՝ ամբողջ մարդկութեան դէմ յարձակում մը», նշեց ան:
ԵՈՒՆԵՍՔՕն եւս այդ քանդումները նկատած է «պատերազմական ոճիր» եւ հարցը փոխանցած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Միջազգային քրէական դատարանին:
Մարտ 8ին, զինեալները ականահարեցին նաեւ Մուսուլի արեւելքը գտնուող ասորական Խորասապատ քաղաքը:
2003ին, ամերիկեան բանակի Իրաք ներխուժման պատճառով եւս պատմական Նեմրութ քաղաքը լրջօրէն վնասուած էր:
Նինուէ նահանգէն աղբիւր մը հաղորդած է, որ «Իսլամական պետութեան» զինեալները Մուսուլի կեդրոնին մէջ քանդած են երկրորդ մզկիթ մը, որ օսմանեան ժամանակաշրջանէն էր:
Փետրուարի վերջաւորութեան տարածուած էր տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւէր, թէ ինչպէս զինեալները կ՛ոչնչացնեն նախաիսլամական ժամանակաշրջանին պատկանող յուշարձաններ, որոնք կը պահպանուէին Մուսուլ քաղաքի թանգարանին մէջ:
Միւս կողմէ, «Մայատին», յղում կատարելով ժողովրդային զինախմբումի ուժերուն՝ հաղորդեց, որ Թիքրիթի արեւելքը գտնուող Տուր օդակայանին մէջ իսրայէլեան լրտեսական սարքեր եւ ռատարներ գտնուած են:
Նաեւ, մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ անցեալ Ուրբաթ օր, «Իսլամական պետութիւն»ը ազատ արձակած է իր առեւանգած բոլոր ասորիները: Ասորիները առեւանգուած էին անցեալ ամիս, 10 գիւղերու դէմ շղթայազերծուած եռօրեայ յարձակումի մը ընթացքին:
Առնուազն հազար ասորի ընտանիքներ, յարձակումէն փախուստ տալով՝ ապաստանած են Գամիշլի եւ Հասաքէ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց՝ առեւանգուածները ազատ արձակուեցան տեղւոյն իսլամական օրէնքի դատարանին կողմէ՝ ոչ-իսլամներու համար հաստատուած տուրքը վճարելէ ետք: Ասորի համայնքի ղեկավարները՝ Հասաքէի եպիսկոպոսին գլխաւորութեամբ, բանակցութիւններ կը վարէին գերիներու ազատ արձակման համար: