ԹԻՖԼԻՍ.- «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգ է ռուսական ուժերուն կողմէ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ մէջ կատարուող ռազմափորձերով:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներով՝ Ռուսիոյ հարաւը այդ ռազմափորձերուն կը մասնակցի երկու հազար զինուոր՝ մեծաքանակ սպառազինութեամբ:
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ եւ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղէ կատարելու իր ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ հեռացնելով զինեալ ուժերը Վրաստանի տարածքէն եւ դադրեցնելով վրացական շրջաններու բռնագրաւումը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ հարաւային շրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները կը կատարեն ռազմափորձեր, որոնց կը մասնակցին աւելի քան երկու հազար զինուորներ:
Ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան 12 զինուորական վարժարաններու մէջ, որոնք տեղակայուած են Հարաւային եւ Հիւսիսային Կովկասի, Խրիմի դաշնակցային շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ ռուսական ռազմակայաններուն մէջ:
Նաեւ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մարտ 8ին հրամայեց ստորագրել դաշնակցութեան եւ համարկման մասին Ռուսիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ միջեւ գոյացուած համաձայնագիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.