ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ խիստ խօսիլը, նոյնիսկ նախատական ոճով խօսիլը եւ դիմացինը ամենածանր յանցանքներով ամբաստանելը սովորական երեւոյթ դարձած է, մասնաւորաբար՝ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն ու անոնց անմիջական օգնականներուն միջեւ։ Փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ մէկն է այն քաղաքագէտներէն, որ իր խօսքը չի խնայեր ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներու հասցէին։ Հակառակ մեղմ ձեւացող ոճին, Արընչ բաւական ծանր մեկնաբանութիւններ կրնայ ընել ընդդիմադիրներու հասցէին։
Նախարարաց ժողովէն ետք, Արընչ կրկին խօսք ուղղեց լրագրողներուն, նաեւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն, որոնք առաւելաբար կը վերաբերէին քրտական հարցի լուծման, որ կրկին հրահրուած է՝ Ապտուլլահ Օճալանի կողմէ զէնքերը վար դնելու ուղղութեամբ տրուած հրահանգին հետեւանքով։ Արընչի խօսքը կը վերաբերէր այս նիւթին շուրջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի մեկնաբանութիւններուն։ Արընչ շատ կտրուկ ձեւով ըսաւ հետեւեալը. «Տեմիրթաշ այն քաղաքագէտը չէ, որ բարի կամեցողութիւն ցոյց կու տայ լուծման գործընթացին նկատմամբ եւ կը փափաքի, որ այդ գործընթացը յաջողութեամբ պսակուի։ Ես սրտանց կը հաւատամ ասոր։ Ես ասիկա կ՛ըսեմ, որովհետեւ շատ լաւ գիտեմ ինծի հասած լրատուութիւններու ճշմարտութիւնը։ Կը յուսամ, որ Տեմիրթաշ այս վայրկեանէն անդին հաշտութեան գործընթացը կացինահարող շարժումի մը մէջ չի մտներ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.