ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Սիքիւթա յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն նեցուկ կը կանգնի Մինսկի խմբակի ներկայ ձեւաչափին: Ամերիկացի դիւանագէտը աւելցուցած է, որ բաւական սերտ յարաբերութիւններ ունի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ:
«ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները միասնական ջանքեր կը գործադրեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար, սակայն հարկ է նշել, որ կարգաւորման ուղիներ գտնելու պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ հակամարտութեան կողմերուն վրայ: Մենք՝ որպէս համանախագահող երկիր Մինսկի խմբակին, կը շարունակենք ջանքեր գործադրել այդ հարցով», ըսած է դեսպան Սիքիւթա, ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ» լրատու գործակալութեան։
Դեսպանը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանտարկուած Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներու հարցին՝ նշելով, թէ Ամերիկա կողմնակից է անոնց ազատ արձակման մարդասիրական քայլին:
Սիքիւթայի համաձայն՝ այդ հարցը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նիւլընտ քննած էր՝ տարածաշրջան իր այցելութեան ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.