Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչ Միութեան նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ եւ Կանանց միջազգային օրուան առթիւ Մարտ 8ին Փարիզի Երեւանեան պուրակը համալրուեցաւ հարիւր վարդենիներով՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ կանանց:
Կոմիտասի արձանի հարեւանութեամբ տեղի ունեցաւ յուշակոթողի բացման արարողութիւնը, զոր կը գլխաւորէին Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն եւ Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան:
Թեռնարկին ներկայ էին Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ, հասարակական-քաղաքական ու պետական գործիչներ, մշակութային ու լրատուական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, հարիւրաւոր ֆրանսահայեր ու Փարիզի բնակիչներ:
Դեսպան Չիտեչեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն՝ ծագումով հայ իրենց քաղաքացիներու նախնիներուն յիշատակին հանդէպ ընդգծուած հոգատար վերաբերմունքին եւ մշտական ուշադրութեան համար:
Ելոյթներուն յաջորդեց յուշաքարի հանդիսաւոր բացումը, որուն վրայ գրուած է. «Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայուհիներուն՝ անոնց, որոնք անհետ կորսուեցան, ինչպէս եւ անոնց, որոնք փրկուեցան եւ փոխանցեցին յիշողութիւնը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.