1998էն ի վեր շուրջ 4000 բնակիչ ունեցող համայնքը մանկապարտէզի շէնք չէ ունեցած, եւ երեխաներուն միայն մէկ մասը կարելիութիւն ունի յաճախելու Աշտարակ քաղաքի մանկապարտէզ: Ոմանք ալ ժամանակաւորապէս կը հետեւին համայնքի դպրոցին մէջ նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն համար նախատեսուած դասապահերուն։
Երկյարկանի նորակառոյցը շահագործման պիտի յանձնուի ամբողջովին կահաւորուած եւ բարեկարգ բակով:
Սասունիկի բնակիչները խաղող կ՛աճեցնեն, կը մշակեն տնամերձ հողամասը, կը զբաղին անասնապահութեամբ: Արդէն քանի մը տարի է, որ գիւղացիներէն շուրջ 100ը կ՛աշխատին գիւղի գինիի գործարանին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.