Սեռային հաւասարութեան խնդիրներուն վերաբերող գործողութիւններու ծրագիրներու, Կանանց եւ տղամարդոց հաւասար իրաւունքներու եւ հաւասար կարելիութիւններու ապահովման վերաբերող 2013 թուականի օրէնքի ընդունումը ճիշդ ուղղութեամբ առնուած քայլեր են, սակայն մեծապէս տարածուած է սեռային կողմնակալութիւնը, ինչ որ կը խոչընդոտէ կիներու կարելիութիւններուն արդիւնաւէտ կերպով զարգացման եւ անոնց նկատմամբ հաւասար վերաբերումի ցուցաբերման։ Որպէս առաջնահերթութիւն, յանձնակատարը խորհուրդ տուած է վերացնել սեռային խտրականութեան բոլոր դրսեւորումները դպրոցական ծրագիրներուն մէջ, խտրականութեան դէմ պայքարի համապարփակ օրէնք ընդունիլ եւ աւելցնել կիներուն ներկայացուածութիւնը հանրային եւ քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ աւելի վճռական քայլերու ձեռնարկել՝ սեռային հաւասարութիւնը խթանելու համար, ներառեալ աշխատանքային շուկային մէջ:
Կանանց նկատմամբ բռնութեան, ներառեալ ընտանեկան բռնութեան, առկայութեան ընդունումը եւ այս մասին հանրային քննարկումները կ՛աւելնան Հայաստանի մէջ։ Այնուամենայնիւ, իշխանութիւնները տակաւին պէտք է ձեռնարկեն այնպիսի միջոցներու, որոնք համահաւասար կ՛ըլլան այս հարցին տարողութեան։
«Հայաստանի մէջ հազարաւոր կիներ ամէն տարի կ՛ենթարկուին բռնութեան: Այս երեւոյթը հիմնականին մէջ պաշտօնական բողոքներու ձեւով չի դրսեւորուիր՝ պետական կառոյցներու անբաւարար պատասխանի եւ մշակութային, հասարակական ու ընտանեկան միջավայրի պատճառով, որ միտում ունի արդարացնել եւ ընդունիլ կիներուն նկատմամբ բռնութիւնը: Կարեւոր է, որ քաղաքական եւ համայնքային գործիչներու ուղերձները միեւնոյնը ըլլան այս հարցին գծով՝ միշտ մերժելով կիներու նկատմամբ բռնութեան որեւէ դրսեւորում։ Միեւնոյն ժամանակ, դատական իշխանութիւններն ու իրաւապահ ոլորտի ծառայողները պէտք է վերապատրաստուին, որպէսզի առաւել լաւ ձեւով յայտնաբերեն, քննեն եւ քրէական հետապնդման ենթարկեն կիներուն նկատմամբ բռնութեան վերաբերող գործերը՝ համապատասխան պատժական տնօրինումներով: Այս միջոցները պէտք է փոխհամալրուին ընտանեկան բռնութեան եւ սեռային հաւասարութեան մասին հանրային իրազեկութիւնը բարձրացնելու մնայուն ջանքերով՝ ներառեալ դպրոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընդունելով կիներու նկատմամբ բռնութեան վերաբերող յստակ օրէնսդրութիւն, որ բաւարար երաշխիքներ եւ պաշտպանութիւն կու տայ ընտանեկան բռնութենէն տուժածներուն: Կիներուն նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման եւ պայքարի մասին Եւրոպայի խորհուրդի ուխտի վաւերացումը նոյնպէս կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ», յայտնած է ան։
Հայաստանի մէջ արդարադատութեան համակարգի ընթացիկ բարեփոխումները պէտք է օգտագործել անկախ, անկողմնակալ եւ արդիւնաւէտ դատական համակարգ ապահովելու, արդէն երկար ժամանակ հետապնդուող նպատակին հասնելու համար: «Դատաւորները առաւել լաւ պաշտպանուած պէտք է ըլլան ներքին եւ արտաքին ճնշումներէ: Անհրաժեշտ է ամրապնդել անոնց ինքնակառավարումը եւ սահմանափակել Հանրապետութեան նախագահին դերը դատաւորներու ընտրութեան, նշանակման, յառաջխաղացման եւ աշխատանքէ արձակման առումով: Պէտք է ներդրուին անհրաժեշտ երաշխիքներ դատաւորներուն դէմ կարգապահական վարոյթներու կամայական օգտագործումը կանխարգիլելու համար», ըսած է Մոյժնիէքս:
Անդրադառնալով քրէական արդարադատութեան համակարգին մէջ դատախազութեան տակաւին գերիշխող դիրքին, Նիլս Մոյժնիէքս ընդգծած է պաշտպանութեան կողմի իրաւունքներու ապահովման կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս դատավարութեան կողմերու հաւասարութեան, մրցակցային դատավարութեան եւ անմեղութեան կանխավարկածի սկզբունքները ապահովելու միջոցով, ինչպէս նաեւ առաւել ամրապնդելով իրաւաբանական օգնութեան հասանելիութիւնը: Յանձնակատարը նաեւ մտահոգութեամբ նկատել տուած է, որ որպէս խափանման միջոց յաճախ բանտարկութիւնը կը կիրարկուի, սակայն ատոր պէտք չէ նախապատուութիւն տալ, այլ պէտք է դիմել այլ միջոցներու։
Յանձնակատարին նաեւ խորապէս մտահոգած են իրաւապահ մարմիններուն կողմէ կատարուած դաժան վերաբերումին մասին շարունակուող յայտարարութիւններն ու մարդու իրաւունքներու ծանր խախտումներու վերաբերեալ արդիւնաւէտ հետաքննութեան բացակայութիւնը:
«Ժամանակն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները լուծում տան այս խնդիրներուն՝ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն համապատասխան: Խոշտանգումներուն եւ վատ վերաբերումին դէմ իրաւական երաշխիքները ամրապնդելը, ճնշման իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուող ապացոյցներու օգտագործման բացառումը եւ մարդու իրաւունքներու ծանր խախտումներու՝ ներառեալ 2008ի Մարտի դէպքերուն համար պատասխանատուութիւն ապահովելու կոչուած առաւել վճռական քայլերը, անյապաղ իրականացուելիք նախաձեռնութիւններուն կարգին պէտք է ըլլան», հաստատած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.