Կեդրոնի տարածքը վարձու տալու գծով արդէն իսկ համաձայնութիւն ստորագրուած էր նախորդ տարուան Մայիսին՝ «Քարֆուր»ի եւ «Երեւան մոլ»ի միջեւ՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի ներկայութեամբ՝ վերջինիս Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ։
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ «Քարֆուր»ի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Քրիսթիան տը Նալի կողմէ առեւտրական կեդրոնի բացումէն ետք Սերժ Սարգսեան շրջագայած է «Քարֆուր»ի տարածքին, ծանօթացած առաջարկուող ապրանքատեսականիին, գնային քաղաքականութեան, ծառայութիւններու եւ որակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.