ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի շրջանաւարտներուն կողմէ կազմուած խորհրդակցական մարմինին նախաձեռնութեամբ, վարժարանի աշակերտները անցեալ Նոյեմբեր 11ին մասնակցած են Ձեւական դատավարութեան մրցանքին, որուն կը մասնակցին Հարաւային Քալիֆորնիոյ երկրորդական վարժարաններէն աւելի քան 2000 աշակերտներ։
«Մեսրոպեան»ի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան կը յայտնէ, թէ 1970ականներէն մինչեւ 2000ականներու շրջանաւարտներ պատրաստակամութիւն յայտնած են մասնակցելու այս խորհրդակցական մարմինի գործունէութեան՝ նեցուկ կանգնելով վարժարանին։
Իրաւաբան Աշոտ Մուրատեան ստանձնած է վարժարանի «դատական խումբ»ը մարզելու պարտականութիւնը, վարժարանի ուսուցիչներ Նիլ Տատի եւ Պերճ Բարսեղեանի օժանդակութեամբ։ Անոնց օժանդակած են Կլենտէյլ քաղաքի դատախազի խորհրդական, Հայ իրաւաբանական միութեան անդամ Լուսի Վարպետեան եւ իրաւաբան Անահիտ Աճէմեան։ Անոնք ժամերով մարզած են վարժարանի աշակերտները՝ քննուելիք դատի ծալքերուն ծանօթացնելով զանոնք, ապա անոնց յանձնելով դատախազութեան եւ պաշտպան փաստաբաններու թղթածրարները պատրաստելու պարտականութիւնը։
Աշակերտներուն խորհուրդներ տուած են նաեւ իրաւաբան Թամըս Ճիրալտի, դատաւոր Զաւէն Սինանեան, գաղտնի ոստիկան Տիգրան Թօփաչիքեան եւ իրաւաբան Մարք Կիրակոս, ինչպէս նաեւ՝ իրաւաբաններ Վարուժան Աճէմեան, Վիգէն Բագրատունի, Մինաս Սամուէլեան, Կրեկ Կիրակոսեան, Կարէն Կիրակոսեան, Ալեքսանտրա Ղազարեան եւ Արփի Ճիւալակեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.