ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ տնտեսական աճի կտրուկ դանդաղեցումը զգալիօրէն բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ԱՊՀի անդամ երկիրներուն վրայ. այսպէս եզրակացուցած է վարկանշային «Ֆի»չ միջազգային գործակալութիւնը՝ աւելցնելով, թէ ազդեցութեան մակարդակը կը տարբերի երկիրէ երկիր։
«Ֆի»չի վերլուծաբանները նշած են, որ Ռուսիոյ տնտեսական իրադրութիւնը անմիջական ազդեցութիւն կը գործէ ԱՊՀի այն երկիրներուն վրայ, որոնց հետ Ռուսիա տնտեսական սերտ կապեր ունի՝ առեւտուրի, դրամական փոխանցումներու եւ ներդրումային հոսքի առումով։ «Ռուբլիի փոխարժէքի կտրուկ անկումը անուղղակի, բայց կարեւոր գործօն դարձաւ տարածաշրջանի դրամանիշներու զգալի սրբագրումներուն համար», նշած է «Ֆի»չ՝ աւելցնելով, որ ռուբլիի անկման ազդեցութիւնը զգացած են նաեւ Ղազախստանն ու Ատրպէյճանը:
Ռուսիա Հայաստանի ապրանքներու արտահանման հիմնական շուկան է եւ՝ ուղղակի ներդրումներու ու հայկական կողմի դրամական փոխանցումներու մեծագոյն աղբիւրը, որուն հետեւանքով, Ռուսիոյ տնտեսական աճի դանդաղեցումը լուրջ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Հայաստանի տնտեսական աճի հեռանկարներուն վրայ:
«Ֆի»չի տուեալներով՝ Ռուսիոյ տնտեսական փոփոխութիւններէն ամենանուազ ազդուողը Վրաստանն է: «Թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Վրաստանը իրենց դրամանիշներուն համար լողացող փոխարժէք սահմանած են՝ ապահովելով դրամանիշի պահեստներու հաւասարակշռութիւնը», աւելցուցած են վերլուծաբանները: Անոնք նաեւ նշած են, որ Ռուսիոյ հետ Ուքրանիոյ տնտեսական սերտ կապերու խախտումը Ուքրանիոյ տնտեսութեան անկումին պատճառ դարձած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.