
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Այլեւս երբեք» ընդհանուր կարգախօս–խորագիրին տակ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող ժապաւէններ պիտի ցուցադրուին տարբեր երկիրներու մէջ։ Շարժապատկերի լեզուով միջազգային հանրութեան պիտի ներկայացուի 20րդ դարու ամէնէն սոսկալի ոճիրներէն մէկը։ Նախաձեռնութեան հեղինակը «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի զարգացման հասարակական կազմակերպութիւնն է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ համա-գործակցութեամբ:
Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան 13 Մարտին «Այլեւս երբեք» ծրագիրին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նշեց, որ ասիկա առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի:
«Կինոն արուեստի ամենամատչելի լեզուներից է, որով հնարաւոր է յստակ ասելիք փոխանցել: Մենք մի շարք երկրներում կը կազմակերպենք կինոդիտումներ, որոնք զուգորդուած կը լինեն նաեւ ներկայացումներով: Հեղինակաւոր մի շարք մարդիկ կ՛անցկացնեն սեմինարներ», դիտել տուաւ Ներսէս Տէր Վարդանեան:
Ան աւելցուց, որ ցուցադրուող ժապաւէններէն է նաեւ յայտնի «Հատում»ը: Ըստ անոր՝ այս ժապաւէններուն միջոցով նաեւ արտասահմանեան մամուլը պիտի անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին:
«Այլեւս երբեք» ծրագիրի համակարգող Րաֆֆի Մովսիսեանը տեղեկացրեց, որ նախաձեռնութիւնը սկսած է 24 Փետրուարին Պելոռուսի մայրաքաղաք Մինսկի մէջ:
««Անիւ» հայագիտական ուսումնասիրութիւնների կազմակերպութեան աջակցութեամբ Բելառուսի պետական համալսարանի պատմութեան ֆակուլտետի ուսանողների համար Փետրուարի 24ին կազմակերպուեց Քալլա Կարապետեանի «Ճչացողները» ֆիլմի յատուկ ցուցադրութիւնը: Իսկ Փետրուարի 25ին Մինսկի «Միր» կինոթատրոնում տեղի ունեցաւ «Այլեւս երբեք» ծրագրի պաշտօնական բացման արարողութիւնը եւ ռեժիսորի մասնակցութեամբ ցուցադրուեց «Ճչացողները» ֆիլմը: Ընդհանուր առմամբ, Բելառուսում ցուցադրուել է լիամետրաժ, կարճամետրաժ եւ վաւերագրական 7 ֆիլմ, այդ թւում՝ Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկի Դաջուածքները», Ատոմ Էգոյեանի «Արարատ», Հանրի Վերնէոյի «Մայրիկ», Արա Երնջակեանի «Խաւարում», Ներսէս Յովհաննիսեանի «Հանդիպում Ցուցահանդէսում» եւ Սերժ Աւետիքեանի «Շների Կղզին» ֆիլմերը», տեղեկացուց Մովսիսեան։
Անոր համաձայն՝ անկէ ետք ծրագիրը գործադրուած է Գերմանիոյ մէջ։ 7 Մարտին Պերլինի Մաքսիմ Կորքիի անուան թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ծրագիրի բացման արարողութիւնը:
«Յատուկ հրաւիրեալների թւում էին նաեւ կանադահայ կինոռեժիսոր Ատոմ Էգոյեանը եւ դերասանուհի Արսինէ Խանջեանը, ովքեր ներկայացրին տեսաինստալեացիա՝ նուիրուած «Յօշոտուած Հայաստան» ֆիլմի գլխաւոր դերակատար եւ սցենարի հեղինակ Աւրորա Մարդիգանեանին», յայտնեց Մովսիսեան:
«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեան ընդգծեց, որ հաւանաբար այս տարուան Ապրիլին ցուցադրութիւններ պիտի կազմակերպուին նաեւ Թուրքիոյ մէջ։
Ցուցադրութիւններուն համար ընտրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող լաւագոյն խաղարկային եւ վաւերագրական ժապաւէնները: Իւրաքանչիւր երկրի համար կազմուած է յատուկ ծրագիր՝ նկատի ունենալով ժապաւէնին քաղաքական, մշակութային եւ գեղարուեստական առանձնայատկութիւնները:
Ցուցադրութիւններ պիտի կատարուին նաեւ Պուլկարիոյ, Ռուսիոյ, Լեհաստանի, Ֆրանսայի, Իրանի, Զուիցերիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ։
«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծրագիրներու ղեկավար Միքայէլ Ստամբոլցեան դիտել տուաւ, որ երեւանեան «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնը այս տարի պիտի նուիրուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, եւ այդ առիթով պիտի կազմակերպուին յատուկ ծրագիրներ։ Տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 12-19 Յուլիսին։
«Չորս ծրագիր ենք ունենալու՝ տարբեր խորագրերով: Մէկը կոչւում է «Մենք կանք»: Երկրորդը՝ «Ճի»չ. այստեղ ընդգրկուած են հիմնականում վաւերագրական ֆիլմեր: Երրորդը՝ «Երախտիքի տուրք» այն մարդկանց եւ կազմակերպութիւներին, որոնք այդ տարիներին օգնել են հայ ժողովրդին: Վերջապէս մի հետաքրքիր ծրագիր ունենք ընդհանրապէս ցեղասպանութիւնների մասին, որը կոչւում է «Այլեւս երբեք»: Ծրագիրը կը լինի հրէական Հոլոքոստից մինչեւ Սուդանի, Պերուի, Կամբոջայի եւ այլ ցեղասպանութիւնների մասին», նշեց Միքայէլ Ստամբոլցեանը: Սուսաննա Յարութիւնեան աւելցուց, որ այս տարուան փառատօնին հիւրերու ցանկը բաւական հարուստ պիտի ըլլայ։