ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան քաղաքական համաձայնութիւն կու տայ Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցնելու առնչուող մտահոգութիւններ ունի, եւ որ իր նախկին դիրքորոշումը չէ փոխուած այս հարցին առնչութեամբ։
«Ես դեռեւս լաւ չեմ պատկերացնում, թէ առաջարկուող մոդելն ինչպէս է անվերապահօրէն երաշխաւորելու երկու կարեւորագոյն բաղադրիչ՝ երկրի արտաքին եւ ներքին անվտանգութիւնը եւ կառավարման համակարգի կայունութիւնը, ինչն, իմ կարծիքով, ապահովուած է կառավարման գործող մոդելի պայմաններում», յայտնած է նախագահը։
Սարգսեան դիտել տուած է, որ քաղաքական ուժերուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի հաստատման առնչութեամբ ոչ մէկ ուժ առարկած է՝ աւելցնելով, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու բովանդակութիւնը պատրաստելու ատեն պէտք է բաժին առ բաժին լսել քաղաքական ուժերուն տեսակէտները եւ նոյնիսկ փոփոխութիւններու երկու նախագիծ պատրաստել:
«Արդիւնքում հնարաւոր է ունենալ թէ՛ կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցնելու, թէ՛ գործող կառավարման համակարգի կատարելագործուած ձեւը: Շատ հնարաւոր է, որ դրանով բոլորը համոզուեն նոր ձեւի արդիւնաւէտութեան եւ ճիշդ լինելու մէջ», ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Վստահութիւն յայտնելով այն մասին, որ ամիսներ ետք պատրաստ պիտի ըլլայ յստակ մօտեցումներով եւ լուծումներով փաստաթուղթ, Սերժ Սարգսեան յանձնաժողովի անդամներէն խնդրած է նախագծել սահմանադրական այնպիսի կարգաւորումներ, որոնք «աներկբայ կ՛երաշխաւօրեն կառավարման աւելի ժողովրդավարական մոդելի ներդաշնակ համատեղումը պետութեան անվտանգութեան եւ կայունութեան հետ»:
«Ես շարունակում եմ մնալ այն կայուն կարծիքին, որ մեր երկրի համար սահմանադրական բարեփոխումներն իսկապէս կարեւոր են եւ, որ դրանք կարող են իրականացուել միայն լայն քաղաքական կոնսոլիդացիայի պայմաններում», հաստատած է Սերժ Սարգսեան:
Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ արդէն լայն խորհրդակցութիւն կայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.