ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեանի յանձնարարութեամբ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական վարչութիւնը իրանցի տասը դատապարտեալներ Հայաստանէն Իրան փոխանցած է։
Արդարադատութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ փոխանցումը կատարուած է փոխադարձութեան հիման վրայ՝ հիմք ընդունելով Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան յայտագիրը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարին եւ Հայաստանի դեսպանին միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.