«Շնորհակալ ենք ձեր հիւրընկալութեան համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Մենք առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուինք Հայաստան, ուր առաջին անգամ կը կայանայ Եւրոնեսթի խորհրդաժողովի լիագումար նիստը: Մենք կը գտնուինք երկիրի մը մէջ, որ ունի իւրայատուկ պատմութիւն եւ մշակութային մեծ ժառանգութիւն: Կ՛ողջունենք հայ ազգը, կը յարգենք ու կը յիշենք նաեւ ձեր ազգի ողբերգութեան 100ամ-եակը», յայտարարեց ան:
Չարնեցքի յայտնեց, որ Լեհաստանի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ կը պատրաստէ նոր բանաձեւ մը, որ քուէարկութեան պիտի դրուի Ապրիլ 24ին նախորդող շաբթուան ընթացքին:
«Հայաստանի համար այս տարի շատ կարեւոր իրադարձութեան մը տարին է: Ապրիլ 24ին ամբողջ հայութիւնը, աշխարհի տարբեր անկիւններէ ժամանած հիւրերու հետ պիտի յիշատակէ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները: Իբրեւ Լեհաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչ, հպարտ եմ, որ մեր խորհրդարանը աշխարհի մէջ առաջիններէն էր, որ 2005ին դատապարտեց ու ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», յայտարարեց ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.