ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը թէեւ դրական կը նկատէ Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը, բայց եւ այնպէս 28 առաջարկ ներկայացուցած է մասնագիտական յանձնաժողովին:
Դաշնակցութիւնը նախ եւ առաջ անհրաժեշտ կը նկատէ միատեսակ անցում կատարել կառավարման խորհրդարանական նախատիպին եւ չ՛ընդունիր ներկայիս հնչող տեսակէտները, ըստ որոնց, կարելի է նաեւ, որ կատարելագործուի գործող կիսանախագահական համակարգը:
«Մենք ոչ միայն միանշանակ պնդում ենք եւ համարում ենք, որ եթէ այդ անցումը չի կատարւում, անիմաստ է դառնում սահմանադրական փոփոխութիւնը իր էութեան մէջ: Մտահոգութեան որոշակի տեղիք տալիս են նախագահի վերջին արտայայտած մտքերը: Ընդունելով հանդերձ նախագահի մօտեցումները՝ կապուած երկու կարեւոր հարցերի հետ՝ ներքին եւ արտաքին անվտանգութիւնը եւ կառավարման համակարգի կայունութիւնը, այնուամենայնիւ, մենք գտնում ենք, որ սահմանադրական փոփոխութիւններով հնարաւոր է դրանք լուծել», յայտնած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Դաշնակցութեան համար քն-նարկման ենթակայ չէ նաեւ ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգին անցնելու հարցը:
«Այլ հարց է, որ կարող ենք քննարկել փուլայնութիւնը՝ մինչեւ ե՞րբ կարող է ամբողջութեամբ անցում կատարուել 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին: Երրորդ խոշոր ուղղութիւնը քաղաքական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան՝ իբրեւ միասնական համակարգի ձեւակերպումն է: Այլ կերպ ասած, քաղաքական ընդդիմութիւնը պէտք է ունենայ պատշաճ վերահսկողութիւն եւ քաղաքական գործընթացների վրայ ազդելու իրական եւ էական հնարաւորութիւններ, որպէսզի իշխանափոխութեան՝ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած նորմերը լինեն իրական, այլ ոչ թէ վերացական կամ երազանքային», բացատրած է Մինասեան:
Ի տարբերութիւն այլ ընդդիմադիր ուժերու, որոնք կը պնդեն, որ այս փոփոխութիւնները միայն կը նպատակադրեն նպաստել գործող վարչակազմի վերարտադրութեան, Դաշնակցութիւնը կը յայտարարէ, որ նոր փոփոխութիւններով կարելի պիտի ըլլայ նուազագոյնի հասցնել ընտրակեղծիքները:
«Բնական չեմ համարում այն դէպքերը, երբ ամէն գնով փորձում են նորից իշխանութեան գալ՝ ոտնահարելով սահմանադրական նորմերը: Իսկ այսօրուայ Սահմանադրութիւնը եւ ընտրական համակարգը թոյլ տալիս են, որպէսզի իրենք նոյն մեխանիզմները կիրառեն: Այստեղ մենք պէտք է երկխօսենք իրար հետ մեխանիզմների մասին: Եւ սա էր մեր կոչը՝ ուղղուած մեր միւս ընդդիմադիր գործընկերներին, որ համախմբուենք հէնց այս մեխանիզմները մշակելու շուրջ, ոչ թէ կտրուկ մերժենք սահմանադրական փոփոխութիւնների անհրաժեշտութիւնը», ընդգծած է Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը:
Արծուիկ Մինասեան նաեւ դիտել տուած է, որ եթէ Դաշնակցութեան առաջարկները չներառուին վերջնական փաստաթուղթին մէջ, կուսակցութիւնը կրնայ մերժել սահմանադրական փոփոխութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.