Հայաստանէն ժամանած պատմաբանը, Լոս Անճելըսի իր այցելութիւններու ծիրէն ներս, նկատի առած էր նաեւ այցելութիւն մը դէպի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան: Այցելութեան նպատակն էր æաւախքի եւ առհասարակ հայ ժողովուրդի պատմութեան մասին փոխանցումներ կատարել հայ աշակերտին:
Արդէն իսկ տասնամեակ մըն է որ աշակերտները ամէն տարի այժմէական իրադարձութիւններ կը լսեն ու կ՛իմանան æաւախքի մասին, ինչպէս նաեւ՝ գանձանակներով իրենց հանգանակած գումարը կը փոխանցեն ՀՕՄի կազմակերպած հանգանակութեան: Այս տարի, սակայն, յարմար առիթ մը հանդիսացաւ, որ անոնք æաւախքցի արմատներով պատմաբան Մելքոնեանը դիմաւորեն, որպէսզի վերջինս իրենց հաղորդէ որոշ իրականութիւններ՝ սեփական աչքերով տեսնուած ու շօշափուած: Այս մէկը առաւել եւս այժմէական կը դարձնէ հայ աշակերտին համար æաւախքի գոյութիւնը եւ անոր համար տարուած իւրաքանչիւր աշխատանք:
Դոկտ. Մելքոնեանին կ՛ընկերակցէր իր կինը՝ Լուսինէն, ՀՕՄի «æաւախք» յանձնախումբի անդամ Յարութ Մատէնեան եւ Քրիստին Յովնանեան:
Փրոֆ. Մելքոնեան հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց աշակերտներուն մեր պատմական փառքերը, ապա առիթ ունեցաւ աշակերտներու հարցումներուն պատասխանելու:
Շատ հաղորդական էր աշակերտներուն հետ պատմաբանին հանդիպումը. ան խոր տպաւորութիւններով հեռացաւ դպրոցէն եւ աշակերտներէն խոստում ստացաւ՝ անոնց հետ յառաջիկային Հայաստան հանդիպելու համար:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)