Փարիզի մէջ, Մարտ 25-28ին տեղի պիտի ունենայ Հայկական Հարցին նուիրուած գիտաժողով մը՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հովանաւորութեամբ: «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ. 1915-2015 հետազօտութեան հարիւր տարի» խորագիրով գիտաժողովը պիտի տեւէ չորս օր: Սորպոն համալսարանին մէջ պիտի կատարուի գիտաժողովի բացումը, որուն ընթացքին Ֆրանսայի նախագահին պատգամը պիտի փոխանցէ Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան նախարարուհին: Յաջորդելիք քննարկումները նախատեսուած են զանազան վայրերու մէջ, ինչպէս՝ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանին, Հրեաներու ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ: Ծրագիրի ծիրին մէջ ելոյթներ պիտի ունենան բազմաթիւ պատմաբաններ, մասնագէտներ եւ ցեղասպանագէտներ: Գիտաժողովին մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ Ռակըփ Զարաքօլու եւ Թաներ Աքչամ. անուններ, որոնք ծանօթ են Հայկական Հարցին շուրջ իրենց այլախոհ մօտեցումներով: Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ այլ թուրք գիտնականներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.