
ՊՈԼԻՍ.- Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, Միացեալ Նահանգներ հաստատուած «Ծրագիր 2015» նախաձեռնութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան «Տուրտէ» կազմակերպութեան ջանքերով, Պոլսոյ մէջ, Ապրիլ 22էն 27ի միջեւ կայանալիք ոգեկոչման ձեռնարկներու կողքին տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողով մը։
Գիտաժողովը պիտի իրականանայ համագործակցութեամբ հիւրընկալ «Պիլկէ» համալսարանին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պատմութեան հիմնարկին եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնին։
Ապրիլ 26ին կայանալիք գիտաժողովի մասնակիցներուն շարքին են՝ Նորմըն Նայմարք, Ճէյ Ուինթըր, Տըրք Մոզես, Միւկէ Կէօչեք, Քեթի Քարմայքըլ, Քիթ Ուենթփաու, Ուկուր Իւմիթ Իւնկէօր եւ Մեհմետ Փոլաթել։
Գիտաժողովի ժամանակացոյցը Մարտ ամսուն վերջաւորութեան պիտի հրապարակուի www.bilgi.edu.tr/en/news-and-events կայքէջին վրայ։
Մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել armenianproject2015@gmail.com հասցէին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել daniel.ohanian@bilgi.edu.tr կամ sebouhaslanian@gmail.com հասցէներուն։
«Ծրագիր 2015» նախաձեռնութիւնը, նպատակ ունենալով մեծաթիւ հայերու մասնակցութիւնը ապահովել Պոլսոյ մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն՝ «Սթենֆըրտ» համալսարանի համաշխարհային ուսմանց բաժանմունքին ու իր սեփական ջանքերով նպաստներ ապահոված է մասնակցիլ փափաքող որոշ թիւով ուսանողներու համար: