Ազգութեամբ թուրք պատգամաւորը «Էրմենիհապեր»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է իր այցի նպատակին, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական սահմանի բացման հեռանկարներուն մասին:
Եւրոպացի պատգամաւորը ըսած է. «Հակառակ արձանագրութիւններու ստորագրման, Թուրքիա, Ատրպէյճանի ճնշումներուն պատճառով, չկարցաւ գործընթացը աւարտին հասցնել: Սահմանի բացման հարցով նախապայմաններ պէտք չէ դրուին։ Հայաստանը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, իսկ Թուրքիան՝ Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, պէտք չէ իբրեւ նախապայման օգտագործեն»:
«Վստահ եմ՝ սահմանի բացումը ձեռնտու էր երկու կողմերուն համար: Հաւանաբար, անկէ ետք փոխուէր Թուրքիոյ հայեացքը սեփական պատմութեան հանդէպ: Այս մէկը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենար նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն վրայ: Սահմանին փակ մնալը թերեւս ինչ որ չափով ձեռնտու է Ռուսիոյ: Այս տեսակէտէն՝ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը տրամաբանական չէ. կարծես թէ Հայաստանը կը հրէ դէպի Ռուսիոյ կողմը», աւելցուցած է Օզտեմիր:
Այնուամենայնիւ, պատգամաւորը լաւատես է սահմանի բացման հարցով՝ նշելով. «Ուշ թէ շուտ, սահմանը պէտք է բացուի, ու բացուած սահմանն ալ կարելի է Հրանդ Տինքի անունով կոչել: Քանի որ Հրանդ Տինք գործիչ մըն էր, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պայքարեցաւ այս սահմանի բացման համար»:
«Էրմենիհապեր»ի այն դիտարկման, թէ արդեօք Օզտեմիրի թրքական ինքնութիւնը չէ՞ խոչընդոտած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան կատարած անոր այցելութեան՝ պատգամաւորը պատասխանած է. «Ճիշդ հակառա՛կը: Ծնունդով թուրք ըլլալս ինծի Ծիծեռնակաբերդ երթալ պարտադրեց»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.