ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի ազգային վիճակախաղի երկրորդ խաղարկութեան Հայաստանէն յաղթողներուն նուէրներու յանձնման արարողութիւն։
Արցախի ազգային վիճակախաղի երկրորդ խաղարկութեան մրցանակային ֆոնտը ընդհանուր առմամբ կազմած է 350 նուէր՝ արցախեան արտադրութեան ձեռագործ գորգեր, թթենիի փայտէ պատրաստուած 20 եւ 30 լիթրնոց տակառիկներով թութի օղի եւ բնակարան Ստեփանակերտի մէջ:
Վիճակախաղի կազմակերպումէն գոյացած ամբողջ հասոյթը, ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս պիտի տրամադրուի Արցախի համայնքներու զարգացման, հայրենադարձութեան ծրագիրներու իրականացման եւ նոր աշխատատեղերու ստեղծման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.