ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Մարտ 11ին եղաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի ծխական համայնքին հետ։ Առաւօտուն, ան նախագահեց Արեւագալի արարողութեան, որ կը զուգադիպէր Մեծ Պահոց Միջինքին, ապա նախագահեց եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած ճաշի հանդիպման:
Սրբազանին աղօթակից էին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչն ու հովիւը՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի եւ Ս. Խաչ մայր տաճարի Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներ, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնն ու երկրորդականի աշակերտներ, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ եւ հաւատացեալներ:
Արեւագալի արարողութեան պահուն պատգամ մը ուղղելով՝ առաջնորդ սրբազանը կանգ առաւ Մեծ Պահոց Միջինքի իմաստին ու խորհուրդին վրայ: Ան իբրեւ բնաբան ընտրած էր Եփեսացիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի նամակին 4րդ գլուխի 23րդ եւ 24րդ համարները, որոնք կը պատգամեն վերանորոգուիլ սրտով ու հոգիով, դառնալ նոր մարդ, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութեամբ եւ սրբութեամբ ստեղծուած է, ուստի ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսիլ, ապրիլ ճշմարիտ կեանք՝ արդարութեամբ եւ սրբութեամբ։
Սրբազանը նշեց նաեւ, որ Միջինքին, հաւատացեալը Մեծ Պահոց քառասնօրեայ ծոմապահութեան շրջանին կէսը բոլորած կ՛ըլլայ. Մեծ Պահքի շրջանը հոգեպէս ու ֆիզիքապէս ինքնաքննարկման ու վերանորոգման շրջան է, որպէսզի պատրաստ ըլլանք Ս. Յարութեան յաղթանակի տօնին: Միջինքը առիթ է նաեւ, որ պահեցող հաւատացեալը քննարկէ անցեալ շաբաթներու իր կենցաղը եւ տեսնէ, թէ ո՞ւր կը կանգնի այս հանգրուանին, որպէսզի երկրորդ շրջանը իրականացնէ աւելի խոր հաւատարմութեամբ, վերանորոգուի հոգիով ու ապրի արդարութեամբ, արժանի ըլլալու համար Տիրոջ ներումին: Խօսքը ներկայ աշակերտներուն ուղղելով՝ առաջնորդը յայտնեց, թէ անոնք հաւանաբար տարբեր ձեւերով կը հետեւին պահեցողութեան, սակայն պէտք է գիտնալ, որ հոգեկան պահեցողութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի հոգեկան վերանորոգման համար։
ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը կազմակերպած էր Պահքի ճաշերով ընդունելութիւն մը: Վերոյիշեալ ներկայացուցիչներուն կողքին ներկայ էին Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան, հոգաբարձութեան անդամներ եւ աշակերտներ:
Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը. անոնք իրենց երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը:
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը գնահատեց տիկնանց միութիւնը եւ աշակերտները, անդրադարձաւ Միջինքի խորհուրդին եւ Մեծ Պահոց շրջանին հաւատացեալ քրիստոնեայի պարտականութիւններուն եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ շաբաթները ըլլան Ս. Յարութեան տօնին հոգեպէս պատրաստուելու շրջան մը: