ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 18 Մարտին ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանական ազգային համալսարանի արհեստագիտութեան եւ ազգային անվտանգութեան քաղաքականութեան կեդրոնի փոխտնօրէն, անվտանգային քաղաքագիտութեան դոկտոր Ճէյմս Քիկլ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական, Ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հաստատութեան պետ, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսէօր, զօր. Հայկ Քոթանջեան եւ հաստատութեան պետի տեղակալ, վերլուծական կեդրոնի պետ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Բենիամին Պօղոսեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Դ. Կանայեանի անուան Ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկի հենքի վրայ 2015ին մեկնարկելիք Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանի ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքները:
Սէյրան Օհանեան գոհունակութիւն յայտնած է Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանի ստեղծման գծով կատարուած աշխատանքներուն արդիւնքներէն եւ կարեւոր նկատած է պաշտպանութեան նախարարութեան շուրջ միջգերատեսչական անվտանգային ներուժի համախմբումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.