
ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Արարատ տուն». ծերանո՞ց է, թէ հիւանդանոց. անկելանո՞ց է, թէ ամարանոց. գիտնալու համար, թէ ո՛ր ծառայութեան համար է տրուած այդ անուանումը, վայրկեան մը կը շուարիս, որովհետեւ առանց նախապատուութեան՝ բոլոր ծառայութիւններն ալ հո՛ն են միասին ու կը մատուցուին ամենայն բծախդրութեամբ։
«Ռենալտի» փողոցին վրայ գտնուող այդ հողատարածքը՝ մասամբ Արարատ լերան դիրքն ու բարձրութիւնը յիշեցնելով, վրան կառուցուած շարան մը շէնքերուն հետ հայկական առողջապահական հաստատութիւն մըն է, որով միա՛յն ու միա՛յն հպարտ կը զգամ, ինչպէս՝ ամէն հայ, բայց հոն ապրողները յիշելով…
Տակաւին երկու շաբաթ առաջ էր թէ աւելի, վստահ չեմ, երբ պատահմամբ այդ փողոցով կ՛անցնէի. ինծի ընկերացող բարեկամուհիիս հետ ունեցած խօսակցութիւնս անմիջապէս ընդմիջած՝
– Ձեր Հայկուշ մեծ մաման տակաւին հո՞ս է,- հարցուցի։
– Ո՛ւր պիտի ըլլայ,- պատասխանեց ու նորութիւն մը ըսողի հանգամանքով աւելցուց.- Բարեբախտաբար այս «Արարատ տուն»ն ալ կայ, եթէ չըլլար…
Ի՞նչ պիտի ըլլար՝ վայրկեան մը մտածեցի, ոչի՛նչ. ամէն մարդ, առաջուան պէս, իր սեփական տան մէջ քիչ մը պակաս կամ աւելի պիտի ապրէր, բայց մահուան հետ հաշտուած ու շուրջիններէն գոհ պիտի բաժնուէր այս աշխարհէն. ու անմիջապէս կը վերյիշեմ տարիներ առաջ անոր սենեակներէն մէկուն մէջ բարեկամուհիի մը տուած այցելութիւնս, որ մօրս փափաքին համաձայն եղած էր։
– Աղջի՛կս, ես ինձ այդ կնոջ տեղ դնելով՝ ինծի համար շատ դժուար է զինք հոն տեսնել, բայց կեանքի մէջ կան պարտականութիւններ, զորս կամայ թէ ակամայ պէտք է ընես։
Ու այցելութիւնը անհրաժեշտութիւն դարձած՝ օր մը երկուքով կ՛ուղղուինք «Արարատ տուն», որուն սպասման սրահէն մեզի տրուած թղթիկի մը համաձայն, կը հասնինք սենեակ մը, ուր դուռը հազիւ բացուած՝ կորսուածը գտածի ուրախութեամբ՝
– Այս դո՞ւն ես, Մաքրուհի՛,- լսեցինք։
Նոյն ուրախութիւնն ալ մայրս ցուցաբերելով, պահ մը զիրար փաթթած մնալէ ետք իրարու աչքերու մէջ տարիներու կարօտ մը յագեցնելով՝ անոնց միջեւ ծայր տուաւ մտերմիկ խօսակցութիւն մը.
– Ոտքերս ինծի «եարտըմ» չեն ըներ այլեւս, բայց փա՜ռք Աստուծոյ, որ խելքս տակաւին տեղն է,- ըսաւ ան։
Ըստ հարազատներուն՝ «խելքը կ՛առնէ, կու տայ». երբեմն կը ճանչնայ, երբեմն ալ մէկը չի ճանչնար, նոյնիսկ՝ զաւակները, որոնք սկզբնական շրջանին շաբաթը երկու անգամ, իսկ վերջերս՝ երկու շաբաթը, եթէ ոչ երեքը, անգամ մը միայն զինք կ՛այցելեն։ Հարազատները չճանչնա՜լ… Երկու կողմերուն համար ալ ողբերգութիւն է, զոր յաղթահարելու համար միա՛յն ու միա՛յն համբերութիւն է պէտք, բայց շուրջինները, զորս ժամանակ առ ժամանակ կը տեսնէր, շատ հաւանական է որ չճանչնայ զանոնք, մանաւանդ այս օրերուն, երբ քիթ կրճատած, կզակ լայնցուցած, այտեր բարձրացուցած, շրթներ ուռեցուցած ու տակաւին ինչե՜ր ըրած մարդիկ այնքա՛ն շատ են, որ անոնց արարիչն անգամ դժուար թէ ճանչնայ զանոնք. ալ ո՛ւր մնաց այդ խեղճ կինը՝ իննսունը անց, գաղթ տեսած, զաւակ թաղած, Արեւելքէն Արեւմուտք հասած, իսկ աւելին, կեանքի ձմրան օրերուն զինք տաքցնող զաւակներէն ու սեփական օճախէն հեռու՝ «Արարատ տան» բնակիչ էր դարձած։ Մայրս կարծես իրաւացի էր, երբ՝ «զինք այդ վիճակով չեմ ուզեր տեսնել» ըսաւ. վայրկեան մը երեւակայեցէք այդ պահը, երբ խօսակցութեան աւարտին աղաչական ձայնով մը՝
– Տուն երթալ կ՛ուզեմ. տո՛ւն, տո՛ւն, տո՛ւն,- կրկնեց։
Օրհնուած են ու բախտաւոր բոլոր անոնք, որոնք իրենց տան մէջ կը մեռնին. երանի՜ իրենց, հազա՜ր երանի. դողացող շրթներով հազիւ թէ խօսքը վերջացնելու վրայ էր, երբ կամացուկ մը ականջին, զաւակներուն ակնարկելով՝
– Ըսէ թող տանին,- փսփսացի։
Գլուխը շարժելով՝ «Ո՞վ մտիկ կ՛ընէ որ» պատասխանեց։ Հո՛ս, մօրմէս աւելի յուզուած՝ անմիջապէս կը մտաբերեմ վերջերս յաջորդաբար «Արարատ տան» բնակիչ դառնալու ճակատագիրին «արժանացողներու» ցանկը։ Կար-ծես, մէկը միւսէն քաջալերուած ու այնքան դիւրին ձեւով՝ «քանի մը օրուան համար քեզի հիւանդանոց պիտի տանինք»ի պատճառաբանութեամբ, զաւակ մը հիւանդ հայրը կամ մայրը հոն կը հասցնէ. աւելին, մեծ համոզումով՝ «այստեղ շատ լաւ կը նային, մեզմէ աւելի լաւ կը կերցնեն, կը խմցնեն, կը լոգցնեն, կը հագցնեն, դեղերը ժամանակին կու տան ու տակաւին ինչե՜ր ու ինչե՜ր կը կազմակերպեն»ի բացատրութեամբ, իրենց հանգիստ կեանքը չխանգարելու հաշւոյն, ամէն տեսակի պատասխանատուութիւն իրենց վրայէն թօթափած՝ հանգիստ խիղճով տուն կը վերադառնան։
«Հէ՜յ կըտի աշխարհ»՝ պիտի ըսէր հայրս, իսկ ես, «Այսպէս ո՞ւր պիտի հասնի հայ ընտանիքի մեր հասկացողութիւնը»՝ կը մտածեմ։
Ծնողքի մը տարիներով կատարած զոհողութիւնները, ցուցաբերած նուիրումը, աւելի՛ն՝ մեզ լոյս աշխարհ բերած ըլլալու հանգամանքը ինչպէ՞ս պիտի վարձատրուի… պարահանդէսներու բեմերէն «քու հօր ու մօր յարգանք պատիւ չմոռնաս» ժողովրդական ե՞րգը երգելով միայն… ո՞ւր է զաւակի խիղճը. «Մենք ալ մեր կեանքը ունինք»ի հաշւոյն տուժելով՝ սկսած է ժանգոտելո՞ւ… ո՞ւր պիտի գտնենք զայն. գիրքերու փոշոտած էջերուն մէ՞ջ, թէ շուկաները որպէս ծախուելիք ապրանք…
Արդիականացած այս կեանքին մէջ այժմէական դարձած այս երեւոյթէն հօր մը կամ մօր մը համտեսած ցաւը, զաւակ մը պիտի հասկնայ միայն այն ատեն, հոգ չէ թէ ուշ, երբ ինք եւս իր կարգին օր մը նոյն այդ «բախտին» արժանանայ։ Ուրեմն, ծնողքի մը՝ իր տան մէջ մնալու ու հոն մեռնելու ցանկութիւնը, ո՛չ թէ խիղճով, այլ կեանքի մէջ շահած իր բացարձակ իրաւունքով իրականանալու համար, ի՛մ ալ փափաքն է, որ օր մը «Արարատ տան» պատերէն մէկուն վրայ, ոսկեայ գիրերով հետեւեալ խօսքը կարդամ.
Զաւակ ունիս… հոս տեղ չունի՛ս.
Զաւակ չունիս… հոս տեղ ունի՛ս։