
Շաբաթ, 21 Մարտի երեկոյեան, Քուէյթի «Տասմա» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Քուէյթի իշխանի քրոջ՝ Շէյխա Ֆարիհա Ալ Ժապեր Ալ Սապահի, մայրերու տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ «Տիպար Մօր» եւ «Տիպար Ընտանիք»ի նշումը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան զանազան անձնաւորութիւններ:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Քուէյթի գահաժառանգի կինը, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարը եւ զանազան երեւելի անձնաւորութիւններ:
Սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան, որուն ընկերացան գաղութի հոգեւոր հովիւ Արտակ քհնյ. Քէհէաեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Աբիկեան: Այս առթիւ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան շնորհաւորեց Շէյխա Ֆարիհայի նախաձեռնութիւնը եւ անոր գլխաւորած «Տիպար Ընտանիք» կազմակերպութեան աշխատանքները: