Քաջալերելու համար կրթական մարզէն ներս յատկանշական իրագործումներու հասած կրթական մշակները, խումբը ամէն ամիս նման ընտրութիւն կը կատարէ շրջանի հինգ գաւառներու հազարաւոր վարժարաններուն ընդմէջէն։
Տնօրէնուհին պաշտօնապէս պիտի մեծարուի Լոս Անճելըսի «Լէյքըրզ»ի եւ Փորթլընտ «Թրէյպլէյզըրզ»ի միջեւ Ապրիլ 3ին կայանալիք պասքեթպոլի մրցումի կիսախաղին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ջերմապէս կը շնորհաւորեմ Դոկտ. Ալինէ Տորեանը արժանացած իր այս մեծ պատիւին համար: Ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է մեզի համար տեսնելը որ մեր թոռնիկներուն յաճախած Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի արժանաւոր Տնօրէնուհին կ’արժանանայ այս մեծարանքին: Դոկտ. Տորեանի արժանացած այս պատիւով հպարտ պէտք է ըլլան նաեւ հայ վարժարաններ յաճախող իւրաքանչիւր աշակերտի ծնողք, քանի որ այս ցոյց կու տայ որ ոչ-հայ պատասխանատու մարդիկ արդէն իսկ սկսած են գնահատել հայ վարժարաններու կատարած սքանչելի կրթական – դաստիարակչական գործունէութիւնները:
Ձեր վարձքը կատար Ազնուափայլ Տնօրէնուհի:
Վարդգէս եւ Ալիս Գուրուեան
Dear Alina jan, congratulations, you deserve this honor – you have nowhere to go but up and up. Love you. Haigoush Kohler