Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եւ հարազատին՝ Ճորճ Գալըպճեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Հանգուցեալի հոգւոյն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շաբաթ, Մարտ 28, 2015, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave.։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Հուրիկ Ազիրեան Գալըպճեան
Դուստրը՝ Նորա եւ Վիգէն Յովսէփեան եւ դուստրը՝ Արեւ
Դուստրը՝ Նիվա եւ Պենճըմին Քլարք եւ զաւակները՝
Փաթիլ եւ Քայլ
Եւ համայն Գալըպճեան, Յովսէփեան, Քլարք, Ազիրեան, Տիքիճեան, Թամըս ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի նոյն եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահին մէջ։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ANCA Western Region-ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.