Շիֆ, այս առիթով նաեւ, 114րդ Քոնկրեսի արխիւներուն յանձնած է Սեդա Խոճայեանի իրագործումները ամփոփող գրութիւնը մը, որուն մէջ կը նշուի.
«Սեդա Խոճայեան Իրաքէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1976ին։ Ներկայիս, ան անդամ է «Սորոփթիմիսթ Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղին, Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովին եւ Երիտասարդ կանանց քրիստոնէական կազմակերպութեան (YWCA) Կլենտէյլի մասնաճիւղի վարչութեան։ Ան աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր նուիրեալ անդամ մըն է նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան, ըլլալով անոր Շրջանային վարչութեան անդամ՝ ատենապետի, գանձապահի եւ խորհրդականի պաշտօններով սպասարկելով ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան։
Սեդա Խոճայեան, ինքնաշարժ արտադրող գլխաւոր ընկերութիւններէն մէկուն մէջ ծրագրումի եւ տեղեկատուական ապահովական մարզէն ներս իր ասպարզին, ինչպէս նաեւ տնտեսագիտութեան ու հանրային վարչութեան ճիւղերուն մէջ իր մասնագիտացման փորձառութիւնները ի սպաս դրած է հայկական շարք մը բարեսիրական, կրթական եւ ընկերային կազմակերպութեանց դրամահաւաքի ջանքերուն։ Ան դրամահաւաքի յանձնախումբերու անդամ դարձած է՝ ՀՕՄին, ՀՄԸՄին Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերուն եւ փառատօնին, նաեւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան, ներառեալ՝ «Unity Fest»ի «Mans Inhumanity to Man»ին եւ «Relay For Life»ին։
Տարիներու ընթացքին, Սեդա Խոճայեան արժանացած է շարք մը մրցանակներու, ներառեալ՝ Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովի «Կլենտէյլի Գոհար» մրցանակը (2008), Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան «Համայնքային սպասարկութեան մրցանակ»ը (2013) եւ Ամերիկահայ առեւտուրի գրասենեակի «Համայնքային սպասարկութեան մրցանակ»ը (2014)։ Ան ամուսնացած է Շիրակ Խոճայեանին հետ եւ ունի երկու զաւակ ու թոռնիկ մը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.