Ժողովին ընթացքին ներկայացուեցան մասնաճիւղերու եւ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան տեղեկագիրները: Արծարծուեցան համազգայնական մտահոգութիւններ՝ կազմակերպչական կեանքի, կանոնագիրի, Համազգայինի կրթական եւ հայ մշակոյթի որակի ապահովման ու բարձրացման տեսակէտներէն:
Առաւօտեան ժամը 10էն երեկոյեան ժամը 4 երկարած ժողովը իր վերջին օրակարգով ընտրեց յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան համար նոր Շրջանային վարչութեան կազմը: Հետեւեալ ընկերուհիներն ու ընկերները փակ քուէարկութեամբ վարչութեան անդամ ընտրուեցան.
Ընկերուհիներ՝ Անիթա Հաւաթեան, Նարկիզ Մուրիեան, Սեդա Գոնէալեան-Ֆրունճեան, Մարալ Զաքարեան, Մակի Իսթիլեան-Ճարլըքեան.
Ընկերներ՝ Մանուկ Չուխաճեան, Ռոժէ Խատարեան, Րաֆֆի Հարպոյեան, Արա Քէօրօղլեան:
Ժողովի աւարտին խօսք առաւ Վիգէն Եագուպեան, որ բարձր գնահատեց Համազգայինին վերջին շրջանի արձանագրած վերելքը՝ նկատի ունենալով կարգ մը իրագործումներ, ինչպէս՝ թատերական փառատօնի այնքա՛ն ծաւալուն եւ ծախսալից հսկայական աշխատանքը՝ իրերայաջորդ երկու տարիներուն, կամ երիտասարդ ուժերու ներգրաւումը որոշ շրջաններէ ներս, միաժամանակ վերահաստատելով իր ակնկալութիւնները՝ Համազգայինի գործունէութեան վերանորոգման, զայն ժամանակակից սերունդի հետաքրքրութիւններուն պատշաճեցման եւ արդիականացման անժամանցելիութեան ի խնդիր:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ