ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 9ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ, Հայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու միութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ նախահիւանդանոցային շտապ օգնութեան ծառայութեանց բարելաւման նուիրուած քննարկում մը՝ առաջնորդութեամբ Ճէյմի Քոլըրի, որ «Դէպի Հայք»ի հետ գործակցաբար, մէկ տարի Հայաստան ապրած է ու շտապ օգնութեան ծառայութեանց մարզումներ իրականացուցած իր հաստատած «Օժանդակութիւն Հայաստանի» («Aid To Armenia», ATA) կազմակերպութեան միջոցաւ։
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է, իսկ Իրանահայ միութեան կեդրոնին հասցէն է՝ 117 South Louise Street, Glendale, CA 91205։
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել Areg.gharabegian@parsons.com հասցէին։
