ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Մարտ 17ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանի եւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանի մասնակցութեամբ, «Hye Riders» ակումբի անդամներու փափաքին ընդառաջելով՝ յատուկ աղօթքի պահ մը ունեցաւ անոնց հետ, որոնք ի մօտոյ պիտի մեկնին Եւրոպա, ուրկէ պիտի ուղեւորուին Մայր հայրենիք։ Հանգրուան առ հանգրուան, եւրոպական տարբեր երկիրներէ այլ հայորդիներ խումբին պիտի միանան, որպէսզի Ապրիլ 24ին Հայաստանի մէջ մասնակից դառնան Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկներու։
Աղօթքի աւարտին, առաջնորդը իր գնահատանքը յայտնեց «Hye Riders»ի նախաձեռնած այս շրջապտոյտին առթիւ, որուն նպատակն է յիշեցնել համայն մարդկութեան, թէ մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը միշտ անթառամ պիտի մնայ մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, միաժամանակ՝ մենք պիտի յիշենք եւ պահանջենք մեր արդար Դատի հատուցումը։ Հաւաքի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը գրպանի աղօթքներ նուիրեց ուխտաւորներուն եւ բարի ճանապարհ մաղթեց անոնց։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.