ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի եւ Լա Քրեսենթայի Հայ Դատի յանձնախումբերը միացեալ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնեն, թէ Ապրիլ 7ին կայանալիք ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներուն մօտէն ծանօթանալու նպատակով, Մարտ 18ի երեկոյեան համայնքային հանդիպում մը իրականացած է «Ռենեսանս» սրահին մէջ։
Համայնքային շարք մը կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն կողքին, հաւաքին մասնակցած են Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փաուլա Տիվայն ու թեկնածու Վարդան Կարապետեան, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձական կազմի անդամներ դոկտ. Վահէ Փիրումեան եւ Թոնի Թարթակլիա, ինչպէս նաեւ
Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Նայիրի Նահապետեան եւ թեկնածուներ Ճենըֆըր Ֆրիման եւ Վահիկ Ծատուրեան:
«Մեր ընտրական յանձնարարականներու հրապարակումէն ետք, մօտէն կը գործակցինք Հայ Դատի զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն հետ, երաշխաւորելու համար, որ անոնք հարկաւոր աջակցութիւնը ապահովեն», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց համակարգող Տիգրանա Զաքարեան, որ նշեալ հաւաքին ընթացքին խօսած է ընտրութեանց ժամանակ քուէարկութեան դրուած առաջադրութեանց եւ անոնց նկատմամբ Հայ Դատի յանձնախումբին որդեգրած դիրքերուն մասին։
Ապա, վերոյիշեալ բոլոր թեկնածուները տեղեկութիւններ տուած են իրենց ընտրապայքարներուն մասին։ Հաւաքը նաեւ առիթ մը հանդիսացած է նոր քուէարկողներ արձանագրելու։
«Կը հաւատանք, որ յոյժ կարեւոր է նման ընտրութիւններու նախօրեակին կարելի եղածին չափ նշեալ առաջադրութեանց մասին տեղեկութիւններու տրամադրումը քաղաքացիներուն, որովետեւ անոնց կեցուածքը պիտի ազդէ իրենց քաղաքի ապագային վրայ։ Այս հաւաքը նաեւ իրականացուց թեկնածուներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու նպատակը», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեանը:
Համայնքային այս հանդիպման ներկայ էին հետեւեալ պաշտօնատարները, ներկայացուցիներն ու կազմակերութիւնները.
Նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, քոնկրեսական Ճուտի Չուի ներկայացուցիչ Մեթիու Յովսէփեան, Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութենէն դոկտ. Արմինէ Կարապետեան, Քրեսենթա հովիտի քաղաքային խորհուրդի փոխնախագահ Հերի Լիոն, Կլենտէյլի ուսուցիչներու միութեան փոխնախագահ Թալին Արսէնեան, Կլենտէյլի Ծրագրումի յանձնաժողովի անդամ Կրեկ Ասատուրեան, Կլենտէյլի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովի անդամ Սեդա Խոճայեան, Ալիս Պետրոսեան, Լոս Անճելըս գաւառի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբ, Հայ մշակութային հիմնարկութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղ, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղ, ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտ, Համազգայինի մասնաճիւղ, ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ, Մարիամեան-Դաւիթեան Կրթական հիմնարկութիւն եւ Հայ իրաւաբանական միութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ կամաւոր սպասարկութեան կարելիութեանց ծանօթանալու համար, դիմել Տիգրանա Զաքարեանին՝ Tigranna@ANCAGlendale.org հասցէով կամ (818) 243-3444 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.