ԵՐԵՒԱՆ.– Հայ Օգնութեան ֆոնտը մեծ նուէր տուած է Տաւուշի մարզի Չինչին համայնքի մանուկներուն: 60 տարիէ աւելի գործող եւ չվերանորոգուած նախադպրոցական ուսումնական հաստատութիւնը ամերիկահայ բարերար Էդուարդ Մարտիկեանի օգնութեամբ ամբողջովին նորոգուած է:
Մանկապարտէզի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է նախորդ օրերուն, թէեւ երեխաները, արդէն քանի մը ամիս է, որ կը վայելէին իրենց նորոգուած դպրոցը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.