ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Շաբաթ, Մարտ 14ին, Հայց. առաքելական եկեղեցին յիշատակեց իրենց հաւատքին համար նահատակուած քառասուն քաջարի զինուորներուն՝ Ս. Քառասնից Մանկանց տօնը, որ նաեւ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն է։ Այս առիթով, Կիրակի, Մարտ 15ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցանեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։
Առաւօտեան ժամը 11ին, սրբազան հայրը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի. թափօրին մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան եւ սարկաւագաց դասը, որոնք սպասարկեցին Ս. խորանին։ Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր պատարագին, որպէս ուխտաւոր ժողովուրդ՝ եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբ նահատակներու հաւատքով ու ոգիով առաջնորդուած։
Սրբազանը իր հոգեշունչ պատգամով վեր առաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց նահատակութեան խորհուրդը։ Անոնց նահատակութեան պատմութեան անդրադառնալով՝ սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները հաւատքի հանդէպ ըլլալ բծախնդիր, սուրբ նահատակներուն շունչով ու ոգիով լեցուած, եւ աւելցուց. «Անոնք, տէր Յիսուս Քրիստոսը որպէս գերագոյն արժէք ունէին՝ զայն դաւանելով իրենց միակ Տէրն ու Փրկիչը»։
Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ Մեծ Պահոց Ե. Կիրակի օրուան խորհուրդին, որ մեր հայրերու բնորոշումով՝ կը կոչուի Դատաւորի Կիրակի. «Աստուած, մեր արդար Դատաւորը, որքա՜ն եւ աւելի մեր դատը պիտի տեսնէ ու արդարութեամբ մեզ վարձատրէ, այնքան ատեն, որ հաւատացեալներս առանց վհատելու եւ յուսահատելու կը շարունակենք աղօթել ու Իրեն դիմել», ըսաւ ան։
Ապա սրբազանը իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցեց գաղութին՝ մաղթելով յաջողութիւն իրենց աշխատանքներուն մէջ։
«Տէր Ողորմեա»ի աղօթքէն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր, իր օրհնաբեր ներկայութեան համար, ու շեշտեց սրբազանին պատգամին կարեւորութիւնը՝ իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց մատաղի նուիրատու տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Մանուշակ Եկէնեաններուն։
Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան ու ծաղկումին մասնակից եղած, ինչպէս նաեւ մատաղի նուիրատուներու ննջեցեալներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ «Ղուկասեան» սրահ, ուր եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած էր մատաղը։
Մատաղի ու սեղանի օրհնութիւնը կատարուեցաւ առաջնորդին կողմէ, մասնակցութեամբ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի ու «Մեր Հայրենիք»ի հաւաքական երգեցողութեամբ: Այս առթիւ, սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ բոլոր սպասարկողները, մատաղի նուիրատուները, եկեղեցւոյ պատկան մարմինները եւ գաղութին մէջ գործող միութիւններն ու հաստատութիւնները, իրենց եկեղեցանուէր ու ազգանուէր գոծունէութեանց համար։
Հաւատացեալները հաղորդուելով օրուան խորհուրդով՝ մեկնեցան իրենց բնակարանները, իրենց հետ տանելով Սրբոց Քառասնից Մանկանց օրհնութիւններն ու անխախտ հաւատքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.