ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2014ին Հայաստանի մէջ 43,340 երեխայ ծնած է՝ 2013ին հետ բաղդատելով աւելնալով 1340ով։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Առողջապահութեան նախարարութեան «Մայրական եւ վերարտադրողական առողջութեան պահպանման բաժն»ի պետ Գայիանէ Աւագեան:
Ծնած երեխաներուն սեռերու համեմատութիւնը կը շարունակէ խախտած մնալ Հայաստանի մէջ. արդարեւ, նախորդ տարի 100 աղջկայ դիմաց 113 տղայ ծնած է, մինչդեռ բնական կը նկատուի, երբ 100 աղջկայ դիմաց 105-106 տղայ ծնի:
Գայիանէ Աւագեանի համաձայն՝ նախորդ տարի մօտ 21,000 աղջիկ եւ 22-23,000 տղայ ծնած է։
Յիշեցնենք, որ, UNFPA-ի հետազօտութեան համաձայն՝ մինչեւ 1985 Հայաստանի մէջ տղաներուն եւ աղջիկներուն թիւը բնական սահմաններու մէջ էր: 1990էն ետք տղաներուն ծնելիութիւնը սկսած է աճելու եւ իր գագաթնակէտին հասած է 2000ին՝ 100 աղջկայ դիմաց ծնած 120 տղաներով: Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին 100 աղջկայ դիմաց կը ծնի 114-115 տղայ, ինչ որ բնականէն բարձր է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.