
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 Մարտին գլխաւորած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ մը, որուն օրակարգին վրայ էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն եւ 2015 թուականի գարնանացանի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն մասին զեկոյցներով հանդէս եկած են քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սլաւա Ասրեանը, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի տեղակալ Գայիանէ Գրիգորեանը, զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերդեանը:
Երկիրի ղեկավարը ընդգծած է, որ Արցախի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները պէտք է կատարուին բարձր մակարդակով, չսահմանափակուին միայն մայրաքաղաքով ու կեդրոններով, այլ լայն անդրադարձ ըլլայ անոր։ Նախագահ Սահակեան շարք մը յանձնարարականներ տուած է աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Գարնանացանի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող զեկուցումներ ներկայացուցած է գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեանը: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ պէտք է կարելին ընել անհրաժեշտ աշխատանքներու բնական ընթացքը ապահովելու նպատակով՝ համապատասխան յանձնարարականներ տալով այս ուղղութեամբ: