Արընչի ու Էրտողանի միջեւ յառաջացած հակասութիւնները կը վերաբերին քրտական հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին եւ այդ մասին Էրտողանի կատարած ինքնագլուխ յայտարարութիւններուն, որոնք վարկաբեկիչ էին քիւրտերու հետ բանակցութիւններ կատարող կառավարութեան համար։
Էրտողանը կարգի հրաւիրող Արընչի յայտարարութիւնը իշխող կուսակցութիւնը դրած է պառակտումի վտանգին առջեւ։ Կառավարութեան Բանբեր Պիւլենտ Արընչի կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հասցէին յայտնուած վերապահութիւնը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր կուսակցութեան պատմութեան մէջ, չի կրնար ընդունուիլ որպէս միայն Արընչի տրամադրութիւնը, եւ դժուար չէ ենթադրել, որ կառավարութեան համակարգէն կարեւոր զանգուած մը կայ Արընչի ետին։
Զարմանալի չէր, անշուշտ, որ ոմանք անմիջապէս պիտի ստանձնէին Էրտողանը պաշտպանելու պարտականութիւնը։ Անոնցմէ գլխաւորն էր Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեք, որ համացանցի ընկերային էջերու վրայ շատ ծանր քննադատութիւններ ըրաւ Արընչի հասցէին՝ պնդելով, որ Արընչ տարիներէ ի վեր լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառէ իր ըրած լուսաբանութիւններով եւ նոյնիսկ՝ «կուսակցութեան գլխուն փորձանք դարձած է», ու ամէն անգամ, երբ Արընչ սխալ մը գործէ, կուսակցութիւնը երկար աշխատանք կը տանի այդ սխալը սրբագրելու համար։ Ան պնդեց, որ Արընչ «զուգահեռ կառոյցներ»է (ակնարկութիւնը Կիւլենի շարժումին մասին է յատկապէս) հրահանգներ կը ստանայ եւ կը փորձէ իրարու դէմ լարել նախագահ Էրտողանն ու վարչապետ Տաւութօղլուն։
Արընչի համար նետը այլեւս արձակուած էր. ան անդրդուելի կը մնայ իր դիրքին վրայ ու նոյնքան ծանր պատասխան մը կու տայ Կէօքչեքին՝ ըսելով, որ Կէօքչեքի կողմէ իր մասին ըսուածները «անկիրթ լուսաբանութիւններ էին»։ «Կէօքչեք այնքան ալ արժանապատուութիւն ունեցող մէկը չէ, որ հրաժարականս պահանջէ։ Գիտենք, թէ ո՞վ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս պիտի հաջէ։ Գիտենք, թէ որո՞նք իմ Շաբաթ եւ Կիրակի օրուան ըսածներս պիտի խեղաթիւրեն։ Կէօքչեք կը ջանայ ամէն գնով հաճոյալի թուիլ Էրտողանին ու ապահովութեան տակ առնել իր զաւակին, որպէսզի երեսփոխան ընտրուի։ Ան Անգարան կտոր-կտոր ծախած է ասոր եւ անոր։ Ես Յունիս 7ի ընտրութիւններէն ետք, հարիւր նիւթի մասին հաշիւ պիտի պահանջեմ անկէ», իր կարգին ըսաւ Արընչ։
Այս ծանր բանավէճը ունի անշուշտ ո՛չ միայն լուռ հանդիսատեսներ, այլ նաեւ մէկուն կամ միւսին կողմը բռնող շահագրգռուողներ։ Համացանցի վրայ կարելի է հանդիպիլ Արընչը պաշտպանողներու, ինչպէս նաեւ՝ Արընչը քննադատողներու։
Հետաքրքրական է, որ Էրտողան ցարդ խուսափեցաւ Արընչի մասին ուղղակի կարծիք յայտնելէ կամ Արընչին ուղղակի պատասխանելէ։
Այս բանավէճէն ետք, Անգարայի մէկ դատախազութիւնը դատական հետապնումի մը սկսած է՝ փոխադարձ ամբաստանութեանց կապակցութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.