Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, կը յայտնենք, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսը Լուսաւորչեան դարաւոր սրբալոյս միւռոն պիտի օրհնէ 18 Յուլիս 2015ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Նահատակաց հրապարակի յուշարձանին առջեւ։ Այս պատմական եւ հոգեպարար առիթով, Արեւմտեան մեր թեմը կազմակերպած է ուխտագնացութիւն դէպի Լիբանան, Յուլիս 13էն մինչեւ Յուլիս 23։
Երթ ու դարձ՝ «Lufthansa» օդանաւային ընկերութեամբ.
* Մեկնում՝ Երկուշաբթի, Յուլիս 13ին, երեկոյեան ժամը 7։10ին (LAX-Frankfurt-Beirut)
* Վերադարձ՝ Յուլիս 23ին, ժամը 12։40ին (Beirut-Frankfurt-LAX)
* Կեցութիւն՝ Eden պանդոկին մէջ (նախաճաշը ներառեալ), 10 օր, 9 գիշեր
* Օդակայանէն եւ դէպի օդակայան փոխադրութիւնը ապահովուած։
Ուխտագնացութեան պաշտօնական ծրագիրը կը ներառէ՝
ա- Շաբաթ, Յուլիս 18ի առաւօտուն, «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ Ցեղասպանութեան եւ որբերու թանգարանի բացում.
բ.- Շաբաթ, Յուլիս 18ի երեկոյեան, Միւռոնօրհնէք՝ Պիքֆայայի մէջ.
գ.- Կիրակի, Յուլիս 19ի առաւօտուն, Ս. եւ անմահ պատարագ՝ Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ, նոր միւռոնով æրօրհնէք, ապա միջ-եկեղեցական աղօթք՝ յուշարձանին շուրջ.
դ.- Նոյն օրը երեկոյեան, մշակութային ձեռնարկ՝ Պիքֆայայի վանքին մէջ.
ե.- Տեղի պիտի ունենան նաեւ «Շնորհալի» երգչախումբի համերգը, Պուրճ Համուտի մէջ նորաշէն Ազգ. Միացեալ վարժարանի բացումը եւ այլ ձեռնարկներ։
Այլ մանրամասնութիւններ՝
– Յուլիս 18ի եւ 19ի նախաձեռնութիւններուն՝ փոխադրութիւն, ճաշ եւ ընթրիք ներառեալ։ Մնացեալ օրերուն՝ ազատ ժամանակացոյց։
– Մասնակցութեան սակը իւրաքանչիւր անհատի համար (single occupancy) պիտի ըլլայ 3250 տոլար, իսկ զոյգի համար՝ (double occupancy) 5750 տոլար:
Արձանագրութեան համար, կապ պահել Ազգային առաջնորդարան, Քնարին հետ (նախընտրաբար ե-նամակով knark@westernprelacy.org կամ հեռաձայնելով՝ 818-248-7737, Ext. 101 թիւին)։
Արձանագրութեան ժամկէտ՝ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2015։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ