
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Այս տարի, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի վերարժեւորման տարին ըլլալով, Մարտ 9-13ի շաբաթը դպրոց այցելեց Վարժարաններու եւ համալսարաններու արեւմտեան միութեան՝ WASC-ի, երեք հոգինոց խումբ մը, հանդիպումներ ունենալու համար աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, անձնակազմին եւ տնօրէնին հետ. հանդիպման աւարտին վարժարանը ստացաւ նախնական վարկաւորում, իսկ վերջնական որոշումը կ՛ակնկալուի իմանալ Մայիսին։