
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Մարտ 9ին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի աշակերտները առիթ ունեցան հանդիպում մը ունենալու դպրոցը այցելող Հայաստանի Ազգային ակադեմիոյ պատմաբանութեան բաժինի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի հետ։
Փրոֆ. Մելքոնեան աշակերտներուն տեղեկութիւններ փոխանցնեց Ջաւախքի անցեալին, ներկային, ապագայի նախաձեռնութեանց ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Ան նաեւ մանրամասնութիւններ փոխանցնեց Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով որդեգրուած միջոցառումներուն մասին։