Կազմակերպութեամբ Մոնթեւիտէոյի հայ երիտասարդական միութիւններուն, 26 Մարտի երեկոյեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հրապարակի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ լուռ ցոյց մը, որուն ընթացքին մասնակից երիտասարդները գետին նստած եւ իրենց բերանները կարմիր երիզներով կապած, ցոյց մը կատարեցին մինչ կարգ մը երիտասրդներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թերթիկներ կը բաժնէին բազմաթիւ անցորդներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ առաւել տեղեկութիւններ կը փափաքէին ունենալ Ցեղասպանութեան մասին:
Ձուցարար երիտասարդները պարզեցին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «Կը զօրակցինք աշխարհի բոլոր ինկածներուն», «Ոչ մարդու իրաւունքներու խաքտումներուն», «Հայոց Ցեղասպանութիւն՝ բնաւ երբե՛ք:
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հրապարակի տարածքը կը գտնուի զբօսաշրջիկներու յատուկ շրջանի մը մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.