Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման արարողութեան համար, Մարտ 13ին, առաջնորդը Արեւմտեան թեմի բարերարներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը առաջնորդեց դէպի Մեքսիքօ Սիթի: Սրբազան հօր կ՛ընկերանային Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ առաջնորդական փոխանորդ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, Սանթա Քլարիթա հովիտի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Զօրայեան, Թեմական խորհուրդի անդամ Տերիք Ղուկասեան, տոքթ. Սարգիս սրկ. Մեսրոպեան, առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Յարութ սրկ. Մարգարեան, առաջնորդարանի բարերարներ՝ Ռոզ Քէչոյեան եւ Սիպիլ Աբրահամեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի կնքահայրեր տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Ալիս Չաքրեան, Ալիս Ռէիսեան, «Վարդանանց Ասպետներ»էն՝ Սթիւըն Գրաճեան, Յունան Արշակեան եւ Կրեկըրի Պապիկեան, «Հաւատքի Դեսպաններ»ու ատենապետ իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան եւ Արամ Մուսոյեան՝ առաջնորդարանի հեռատեսիլի բաժանմունքէն:
Մարտ 14ին, հիւրերը մաս կազմեցին Մեքսիքօ Սիթիի Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան՝ հիւրընկալութեամբ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի, որ Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարած էր որպէս գլխաւոր հիւպատոս:
Կէսօրէն ետք, թեմի պատուիրակութիւնը այցելեց քաղաքի «Museum of Tolerance and Memory»ն, առաջնորդութեամբ Սոնա Առաքելեանի: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին առաջնորդը ընթերցեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կոնդակը: Հայրապետական կոնդակի ընթերցումէն ետք, առաջնորդը փոխանցեց իր պատգամը։
Կիրակի, Մարտ 15ի կէսօրին, Մեքսիքայի հայ համայնքը եւ Քալիֆորնիայէն ժամանած պատուիրակութիւնը մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած եւ Մեքսիքայի Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին: Պատարագիչն էր կարտինալ Նորպերթօ Ռիվերա Գարերա՝ Մեքսիքայի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսը: Պատարագը հեռասփռուեցաւ Մեքսիքայի հեռատեսիլէն:
Արարողութեան աւարտին, Մեքսիքայի հայ համայնքը եւ Քալիֆորնիայէն պատուիրակութիւն մը մաս կազմեցին պատմական կեդրոնի Մշակոյթի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած հիւրասիրութեան:
Թեմի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, առաջնորդը օծումը կատարեց խաչքարի մը, որ Արեւմտեան թեմին կողմէ նուիրուեցաւ Քաղաքակրթութեան ազգային թանգարանին։ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմական գիրքեր եւս նուիրուեցան թանգարանին: Խաչքարի օծումէն ետք, խօսք առին դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան եւ թանգարանի վարիչ Գարլոս Վազգեզ Օլվերա: Ապա սրբազանը փոխանցեց իր պատգամը, որուն մէջ ըսաւ. «Խաչքարը մեր նուէրը եղած է աշխարհին, եւ անսահման սիրով է որ մենք կը ձօնենք այս սրբագործուած խաչքարը Մեքսիքայի ժողովուրդին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.