Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական «Միլլիյէ»չ օրաթերթը՝ կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի խստօրէն քննադատած է Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը: Ան նշած է, որ եթէ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը նկատի ունենանք իբրեւ շղթայ, ապա այդ շղթային տարբեր օղակներուն մէջ Անգարան ձախողութեան մատնուած է: «Սուրիան անոր ամէնէն ակնյայտ օրինակներէն մէկն է: Անգարան, որ կը ցանկար Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութեան հասնիլ, պարտութեան մատնուեցաւ: Իրաքի մէջ ալ նոյնանման իրավիճակի մը դէմ յանդիման յայտնուած է անիկա», նշած է Պորուժերտի եւ քննադատելով Իրանի նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ յոյս յայտնած, որ Անգարա վերատեսութեան ենթարկէ իր քաղաքականութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.